«Նորմանտիի ցամաքահանումին (D Day) 80ամեակին նուիրուած 6 Յունիսի տօնակատարութեան ներկայ գտնուելու հրաւէր չուղղուեցաւ Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ դէմ անոր թշնամական պատերազմին պատճառով», յայտարարեց Էլիզէի պալատը՝ աւելցնելով «Ռուսական պատուիրակութիւն մը ներկայ պիտի չըլլայ, եւ այդ վճռորոշ մասնակցութեան գովասանքը պիտի կատարուի մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ գերեզմաննոցներու մէջ, ուր թաղուած են ռուս զինուորները»:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը նշեց, որ Ռուսիա այլ մակարդակով, արեւելեան ճակատին վրայ Խորհրդային Միութեան մասնակցութեան անունով պիտի հրաւիրուի:
Ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին տասնեակ մը երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2014ին մասնակցած էր Նորմանտիի ցամաքահանման 70ամեակի տօնակատարութեան, եւ այդ օրերու Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներուն հետ ձեւաւորած էր «Նորմանտիի ձեւաչափ»ը, որուն նպատակն էր՝ լուծել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը: