Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուի Պոնոն:
Երկու բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկեցին երկկողմ համագործակցութեան եւ Պաքու-Երեւան խաղաղ բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
«Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Արպէյճան-Ամերիկա երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան օրակարգի գծով զանազան հարցներ, ինչպէս նաեւ փոխանակեցին միտքեր Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ հոլովոյթին շուրջ: Պայրամով ընդգծեց, որ Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն 10էն 11 Մայիսի հանդիպումը կը վկայէ երկկողմ խաղաղ հոլովոյթի արդիւնաւէտութեան մասին», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Պոնօ նշեց, որ վերջին զարգացումները խաղաղ հոլովոյթի յաջողութեան յոյս կու տան: Ան վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստակամ է աջակցելու բանակցութիւններուն եւ նպաստելու խաղաղութեան հոլովոյթին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ կողմերը քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: