
Երեքշաբթի, 4 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ՝ Աւօ Քէշիշեանի:
Յանուն Կեդրոնական կոմիտէի՝ Աւօ Քէշիշեան շնորհաւորեց նորընտիր առաջնորդ սրբազանը իր ծառայական նոր շրջանին մէջ եւ առողջութեան ու յաջողութեան սրտագին մաղթանքներ փոխանցեց նաեւ Ազգային վարչութեան բոլոր անդամներուն:
Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին ընդգծեց հայութեան կեանքին մէջ կարեւորութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին, ապա ներքին միասնականութիւնը նկատեց հիմնարար պայման՝ այս երկրին մէջ հայկական ներկայութեան յաւելեալ հզօրացման համար եւ այս իմաստով շեշտեց գործակցութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի աւելի եւս ամրագրման անհրաժեշտութիւնը՝ ամենայն բարիք մաղթելով բոլորին: