6 Յունիսի երեկոյեան, Երեւան-Սեւան ճամբուն վրայ ուժգին պայթում մը որոտաց. Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ստացաւ ահազանգ մը, որ պենզին լեցնելու կայարանի մը մէջ պատահեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով հսկայ հրդեհ մը ծագած է։
Շուտով դէպքին վայրը մեկնեցան փրկարարական ուժերը եւ Բժշկական ապահովման վարչութիւններու անդամները եւ հրշէջներ, որոնք բաւական երկար աշխատեցան, մինչեւ որ կարելի եղաւ կրակը մարել։
Պայթումին պատճառը 37 թոննոց կազի բեռնակառքն էր, որ պատճառեց 7 վիրաւորներ։ Անոնցմէ մէկը՝ թեթեւ այրուածքներով, արդէն տուն գնաց յաջորդ օրը, 6ը՝ Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնին մէջ են, իսկ երկուքին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:
Հրկիզուեցան հոն գտնուող քանի մը ինքնաշարժներ, եւ պենզինի կայանը`գրեթէ ամբողջութեամբ։

