Ռուսիա կ՛ողջունէ Թուրքիոյ մէջ ՊՐԻՔՍի նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը եւ այն լուրերը, թէ Անգարա կը փափաքի միանալ դաշինքին, յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Նշենք, որ ՊՐԻՔՍը միջպետական միութիւն է` բաղկացած 9 պետութիւններէ` Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրան, Եգիպտոս եւ Եթովպիա:
«Բոլորս կ՛ողջունենք ՊՐԻՔՍի նկատմամբ այսպիսի աճող հետաքրքրութիւն մեր դրացիներուն, ներառեալ կարեւոր գործընկերներու կողմէ, որոնց շարքին է Թուրքիա: Այս նիւթը պիտի ըլլայ օրակարգին վրայ ՊՐԻՔՍի յաջորդ վեհաժողովին, որուն պիտի նախագահէ Ռուսիա: Մենք շատ աշխուժօրէն կը պատրաստուինք անոր», նշեց Փեսքով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ իր երկիրը պիտի ուզէր միանալ ՊՐԻՔՍին եւ թէ այդ հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախարարներու մակարդակով հանդիպումին ընթացքին: