
«Սարդարապատ» գրախանութը 1 Յունիսին նշեց «Մանուկներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օր»ը, հիւրընկալելով մանկագիր Ալին Պզտիկեան Շիրաճեանը։
Հեղինակը ներկայացուց իր վերջին հրատարակութիւնը՝ «Լորիին եւ Նարեկին Հանդէսը»՝ հեքիաթ մը, որուն ընդմէջէն փոքրերը եւ պատանիները կը ծանօթանան հայկական տարազներու։
Տասնեակ մը մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ մեծ մայրիկ ու մեծ հայրիկներուն՝ այցելեցին գրախանութը, ուր հեքիաթասացութեան կողքին, փոքրերը տեսան իսկական տոհմիկ տարազներ. ոմանք նոյնիսկ հագան տարազները, կատարեցին գծագրութիւն եւ կաւճագծագրութիւն ու գրախանութին կողմէն գեղեցիկ նուէրներ ստացան։
Ալին Պզտիկան Շիրաճեան մինչ օրս, «Լորին եւ Նարեկը» մատենաշարի անունին տակ հրատարակած է 15 գիրքեր, սորս կարելի է գտնել հայկական գրախանութներու մէջ, ինչպէս՝ «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ»։
«Սարդարապատ» գրախանութին մէջ յաճախակի դարձած են գրական ձեռնարկները, որոնք կը գրաւեն ո՛չ միայն մեծահասակները այլ նաեւ փոքրերը եւ պատանիները,» նշեց գրախանութին պատասխանատուն՝ Ժագլին Աւագեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել գրախանութին հետ՝ հեռաձայնելով (818) 500-0790 թիւին։