Պայրամովի հետ զրոյցին ընթացքին Պերպոք ընդգծեց կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին աջակցելու՝ Գերմանիոյ շարունակական յանձնառութիւնը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Գերմանիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Պերպոքի հետ:
«Էյ.Փի.Էյ»ը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկեցին երկկողմ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրի կողմերու համաժողովի 29րդ նստաշրջանի գումարումը Պաքուի մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: