11 Յունիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ նիստը, որուն արդիւնքներուն վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները։
Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համապատասխան:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Պատուիրակութիւնները քննարկել են աւելի սերտ համագործակցութեան միջոցով փոխադարձ բարգաւաճման, տնտեսական եւ էներգետիկ (ուժանիւթի) դիմակայունութեան խթանմանն ուղղուած համատեղ ջանքերը` հաշուի առնելով 2024թ. Ապրիլի 5ին Բրիւսելում Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի համատեղ հանդիպման ժամանակ կայացած կարեւոր քննարկումները»:
Յայտնուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ մշակելու երթեւեկային ռազմավարութիւն, որ պիտի դրուի Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկի» տեսլականի հիման վրայ:
«Միացեալ Նահանգները ընդունում է շարունակուող տնտեսական եւ սոցիալական (ընկերային) մարտահրաւէրները, որոնց բախւում է Հայաստանը` Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին աջակցելիս եւ մտադիր է շարունակել աջակցել այս ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերին: Միացեալ Նահանգները բարձր է գնահատում տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին ապաստան տրամադրելու Հայաստանի ջանքերը, իսկ Հայաստանը երախտագիտութիւն է յայտնել աւելի քան 21 միլիոն դոլարի մարդասիրական աջակցութեան համար, որը Միացեալ Նահանգները տրամադրել է 2020 թուականի Սեպտեմբերից ի վեր Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին աջակցելու համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ միացեալ յայտարարութեան մէջ, ըստ որուն, ամփոփիչ հանդիպման մասնակցողները ընդգծեցին Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի վերափոխման եւ իրաւապահ համակարգի զարգացման նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնց վերաբերեալ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ շարունակել աջակցիլ խորհրդատուական ծրագիրներով, բանակ-բանակ կապերով, Միջազգային ռազմական կրթական եւ ուսուցողական (IMET) ծրագիրի մը միջոցով մասնագիտական ռազմական կրթութեան կարելիութիւններով եւ Քենզըսի ազգային ջոկատին հետ երկարաժամկէտ պետական համագործակցութեան ծրագիրով:

«Միացեալ Նահանգները բարձր է գնահատում Հայաստանի շարունակական ներդրումը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններում եւ պատրաստակամ է խաղաղապահութեան եւ իրաւապահ մարմինների զարգացման ուղղութեամբ յաւելեալ համագործակցութեան հարցում», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ:
Պատուիրակութիւնները ամփոփեցին արդարադատութեան ոլորտին մէջ շարունակուող համագործակցութիւնը` գնահատելով Միացեալ Նահանգներու նշանակալի ներդրումը Հայաստանի արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն ուղղութեամբ ջանքերուն մէջ: «Երկուստեք ընդգծուել է մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների, օրէնքի գերակայութեան յարգման կարեւորութիւնը եւ յանձնառութիւն են ստանձնել համատեղ աշխատել այս ուղղութեամբ: Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնն ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներին եւ ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հայաստանի զարգացման նպատակին», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը: