
Թէ՛ 12 Յունիսին եւ թէ 13 Յունիսին, Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ ՀԱՊԿի հետ յարաբերութիւններուն մասին: Ան 12 Յունիսին յայտարարեց կառոյցէն հեռանալու մտադրութեան մասին եւ պնդեց, որ ետդարձի ճամբայ չկայ, իսկ 13 Յունիսին, ան ժամկէտները առաւել անորոշ դարձուց։ «Երբ դա տեղի կ՛ունենայ, կ՛որոշենք՝ հնարաւոր է մէկ ամիս, հնարաւոր է մէկ տարի, հնարաւոր է երեք տարի», ըսաւ Փաշինեան:
Անոր իր ելոյթէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շտապեց պարզաբանել՝ վարչապետին խօսքը չի նշանակեր, թէ Հայաստան ՀԱՊԿէն դուրս կու գայ:
ՀԱՊԿը արձագանգեց Փաշինեանի ըսածներուն՝ ՀԱՊԿէն Հայաստանի հաւանական դուրս գալու մասին վերջին յայտարարութիւններուն, դիտել տալով, որ անոնցմէ դատելով, կը ստեղծուի այն կարծիքը, որ Երեւան պիտի մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ: Այս մասին յայտնեց «Թասս»ը՝ յղում կատարելով ՀԱՊԿի քարտուղարութեան յայտարարութեան:
«Մենք կը կարծենք, թէ, հակառակ ՀԱՊԿի նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան նկատելի նուազումին, անիկա կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ», նշեց կազմակերպութիւնը՝ նաեւ անդրադառնալով Միրզոյեանի հաստատումին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութիւններու լոյսին տակ, կոչ ուղղեց Երեւանին՝ դադրեցնելու ՀԱՊԿին անդամակցելու շուրջ աղմուկը:
«Միլիոն անգամ ըսած են, որ ՀԱՊԿը այնպիսի կառոյց է, ուր բոլորը կամաւորաբար կու գան: Մասնակցող երկիրներուն վրայ ճնշման հրամանատարական-վարչական համակարգ չկայ: Հոն կայ փոխադարձ յարգալից երկխօսութիւն: Ոչ ոք ոչ ոքի ուժով հոն կը պահէ, ի՞նչ է հարցը, ինչո՞ւ այսքան տարիներէ ի վեր նոյն Հայաստանի քաղաքական գործիչները այդ թեման այդքան կը շահարկեն: Ինչո՞ւ ասոր շուրջ այդքան «անվերջ աղմուկ» կը բարձրացնեն», ըսաւ Զախարովա:
Ան նոյն ատեն ընդգծեց, որ ռուսական կողմը միշտ բարեկամ պիտի ըլլայ Հայաստանին: «Պիտի զարգացնենք յարաբերութիւնները, որովհետեւ խօսքը բացառապէս ճշգրիտ անձնաւորութիւններու մասին չէ, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մը կը յայտնուին տարբեր երկիրներու քաղաքական հորիզոններուն վրայ: Խօսքը ժողովուրդին մասին է, խօսքը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մասին է, զորս ոչ ոք կրնայ փճացնել», ըսաւ Զախարովա: