
14 Յունիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր եւ քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան խորհրդարանական շաբթուան եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն։
Մինասեան շեշտեց, որ այս իշխանութիւնը այլեւս ընելիք չունի։ «Որքան էլ միջազգային կենտրոններն օգտագործելով այս իշխանութիւններին` փորձում են աչք փակել տեղի ունեցած զազրելի յանցագործութիւնների վրայ, միեւնոյն է, արդարադատութիւնը հասնելու է իր նպատակին», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով պատգամաւորական աթոռներէն հրաժարելու հարցին՝ Մինասեան ըսաւ, որ այդ հարցը կայ, եւ իրենց օրակարգին վրայ է, սակայն ոեւէ մէկը չի կրնար իրենց պարտադրել այդ գործողութեան դիմել։ Ան աւելցուց՝ ըսելով, որ իրենց պատգամաւորական աթոռներէն հեռանալու քայլին կը դիմեն երբ վստահ ըլլան, որ այս իշխանութիւնը այլեւս չի կրնար օգտագործել իր վարչական, նիւթական եւ «կարմիր բանտիկով մուրճերը»՝ անգամ մը եւս վերարտադրուելու:
Իսկ Խաչատրեան ընդգծեց, որ Նիկոլ Փաշինեան անձամբ խոստովանած է, որ ինք հասունցուցած է Արցախի յանձնումը: «Մարդը, որը յայտարարում է, որ ինքն արդէն 2018 թուականին գիտէր, որ Ղարաբաղը չի կարող լինել Հայաստանի կազմում, իր` 2018ից 2020 թուականի գործունէութիւնը միտուած է եղել իրավիճակը լարելուն, ու Ադրբեջանը դա շատ նրբօրէն օգտագործել է», ըսաւ Խաչատրեան:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Փաշինեան խոստովանեցաւ, թէ խաբած է ժողովուրդը: «Այնպէս որ` վերջին Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանը կարող է ամբողջովին օգտագործուել ապագայում դատական գործընթացների ժամանակ», ըսաւ Խաչատրեան՝ շեշտելով, որ Փաշինեանի կերտած Հայաստանի առանցքը ո՛չ բանակն է, ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ մշակոյթը կամ կրթութիւնը, ո՛չ ալ հոգեւոր արժէքները, այլ ոստիկանապետութիւնը։
Մինասեան իր կարգին ընդգծեց, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին առաջնորդը՝ Բագրատ սրբազանը, ո՛չ մէկ գրոհի մասին յայտարարութիւն կատարած է՝ շեշտելով, որ փորձ կը կատարուի ժողովուրդին խաղաղ անհնազանդութիւններով բարձրացուած պահանջները վերածել կեղծ քրէական գործերու: «Սահմանադրական կարգի տապալման մեղադրանք պէտք է դրուի գործող իշխանութեան նկատմամբ, քրէական հետապնդում պէտք է յարուցուի հէնց Փաշինեանի, ուժային կառոյցների այն ներկայացուցիչների հանդէպ, որոնք ապօրինի հրամաններ են տուել», յայտնեց Մինասեան

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԱՆՁԵՐԸ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջէն ուղիղ հաղորդումի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ ակնյայտ է, թէ ձերբակալուած բոլոր անձերը, որոնք ֆիզիքական ծանր բռնութեան ենթարկուած են, Երեւանէն կարելի եղածին չափ հեռու ձերբակալուած անձեր պահելու վայրեր կը տարուին։
Ան նշեց, որ 13 Յունիսին, իրենց պատգամաւորները փորձեցին տարբեր ոստիկանութիւններու մէջ ձերբակալուած 30 քաղաքացիներու ճակատագիրը յստակացնել: Ամէն տեղ նոյն պատկերը պարզուած է, ձերբակալուած բոլոր անձերը ենթարկուած են անօրինական բռնութեան եւ ծեծի:
Ան պատմեց, որ ձերբակալուած Կարմեն Աւետիսեանը ոստիկանութիւնը շտապ օգնութեամբ տեղափոխած է հիւանդանոց, սակայն, որովհետեւ Բագրատ սրբազանը անոր այցելեց, եւ ինք անոր պատմեց ոստիկանական բռնութիւններուն մասին, ոստիկանները որոշեցին զայն հիւանդանոցէն հանել եւ տանիլ քննչական, ապա՝ ձերբակալուած անձեր պահելու վայրեր (ՁՊՎ)։
«Ի հարկէ, ՁՊՎի ծառայողները փորձել էին թեթեւացնել նրա վիճակը, բայց Կարմենը արիւն էր թքում, իմ պահանջով շտապօգնութեամբ տեղափոխել են «Արմէնիա» բժշկական կենտրոն` հետազօտութեան: Մի բան ակնյայտ է` բոլոր այն ձերբակալուածները, որոնք ծանր ֆիզիքական բռնութեան են ենթարկուել, երեւացող հարուածներ են ստացել, գլուխները կամ դէմքերն են վնասուել, փորձել են Երեւանից հնարաւորինս հեռու` Աշտարակ, Եղուարդի ՁՊՎներ տեղափոխել` աչքից հեռու տարբերակով: Բոլորին էլ հանդիպել ենք, այցելել ենք, եւ Աշտարակի ՁՊՎից երկու մեր հայրենակցի էլ մեր պահանջով տեղափոխեցին հիւանդանոց շտապօգնութեան մեքենայով», տեղեկացուց Մանուկեան, ըստ որուն, բոլորին պարագային դէպքերը նոյն ընթացքը ունեցած են, կարմիր եւ սեւ բերետաւորները` իբրեւ գիշատիչ գազաններ, ճանկած են զանոնք, քաշած վահաններու ետեւը եւ շուրջ 30 մեթր փայտերով, մահակով եւ ձեռքերով հարուածելով՝ հասցուցած են մինչեւ ոստիկանական ինքնաշարժներ:
«Բոլոր այդ բերետաւորները, նրանց ղեկավարներն ու անմիջական ղեկավարները, որոնք այսօր Նիկոլին են ծառայում, թող իմանան, որ որեւէ այլ իշխանութիւն սրանց ծառայութեան չեն պահելու, ինչպէս իրենք 30 մետր ծեծելով մեր հարիւրաւոր քաղաքացիների քարշ են տուել ոստիկանական մեքենաներ, մի օր հասարակական անարգանքի 30 մետրն է լինելու, որտեղ քաղաքացիներն իրենց վերաբերմունքը կ՛արտայայտեն, ծեծի մասին չի խօսքը, այլ անարգանքի», դիտել տուաւ Մանուկեան։