
Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ երկու տարուան բեղմնաւոր աշխատանքէ ետք, վարժարանի ներկայ տնօրէնը՝ դոկտ. Սիւզի Օհանեան որոշած է յառաջիկայ տարի ստանձնել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Անոր փոխարէն, վարժարանին հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց Շողեր Շանոյեանը նշանակել ժամանակաւոր տնօրէն:
Այս առիթով, դոկտ. Օհանեան յայտնեց, թէ վերջին երկու տարիները վարժարանին համար յատկանշական իրագործումներու տարիներ էին, վստահեցնելով, որ բարգաւաճումը պիտի շարունակուի։
Շողեր Շանոյեան ներկայիս վարժարանին աշակերտական հարցերու վարիչն է եւ 1 Յուլիսէն սկսեալ պիտի ստանձնէ տնօրէնի պաշտօնը։ Ան Քալիֆորնիոյ «Պեփթիսթ» համալսարանէն մագիստրոսի վկայականը ստացած է՝ մասնագիտանալով կրթութեան ոլորտին մէջ, իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ մասնագիտացած է գործարարութեան եւ տեսչութեան մէջ։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Աբոշեան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Օհանեանին՝ իր նուիրեալ ծառայութեան համար, յիշեցնելով, որ վերջին երկու տարիներուն վարժարանին աշակերտներուն թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է, դասանիւթերը հարստացած են եւ վարժարանը վերավարկաւորուած է WASC-ի կողմէ։ Ան վստահեցուց, որ Շանոյեանի եւ հոգաբարձութեան ջանքերով տնօրէնութեան սահուն փոխանցում մը պիտի կատարուի, շարունակելով վարժարանին բարգաւաճումը։