17 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30ին նախատեսուած ընդդիմութեան հրաւիրած արտակարգ նիստին իշխանական պատգամաւորները չներկայացան. արձանագրուեցան ընդամէնը 34 պատգամաւորներ. ժողով գումարելու օրինաւոր թիւը՝ առնուազն 54 պատգամաւորներ, չգոյացաւ:
«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները նախորդ շաբաթ միջնորդութիւն ներկայացուցին Ազգային ժողովի խորհուրդին` պահանջելով կառավարութեան հրաժարականի օրակարգով արտակարգ նիստ մը գումարել «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու» ուղերձի նախագիծը քննարկելու համար: Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժեց խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններուն միջնորդութիւնը:
ՀՅԴի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքի մը ընդգծեց, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը (ՔՊ) կը շարունակէ իր հակասահմանադրական ընթացքը: Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան հրաժարականի հարցով Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ՔՊ խմբակցութեան չներկայանալը եւ օրինական թիւ չապահովելը խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչը որակեց սահմանադրական կարգը տապալելու փորձ:
«Սա ոչ այլ ինչ է, քան սահմանադրական կարգը տապալելու փորձ: Սահմանադրութեան յօդուածներով ամրագրուած է, որ պետական մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք իրաւունք ունեն կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են: ԱԺ պատգամաւորները եւ յատկապէս քաղաքական մեծամասնութիւնը ուղիղ պարտականութիւն ունի Սահմանադրութեան մէկ այլ յօդուածով` ապահովել ԱԺի բնականոն գործունէութիւնը: Իսկ ԱԺ պատգամաւորների առնուազն մէկ քառորդի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուող նիստը, Սահմանադրութեան 100րդ յօդուածի պահանջի համաձայն, պէտք է անցկացուի: Այստեղ չկայ որեւէ հնարաւորութիւն, որը քաղաքական մեծամասնութիւնը փորձում է ներկայացնել, թէ իբր դա իրենց իրաւունքն է` չգալու: Եթէ քաղաքական փոքրամասնութիւնն է կիրառում այս գործիքը, որը միջազգային պառլամենտական (խորհրդարանական) կանոններով ընդունուած է որպէս մեծամասնութեան վարքագծի դրսեւորմանը որեւէ հակազդեցութիւն, տրամաբանական է, բայց քաղաքական մեծամասնութիւնը չի կարող իր իսկ մեծամասնութեան ուժով տապալել ԱԺ նիստը: Սա սահմանադրական կարգի տապալման փորձ է», ընդգծեց Մինասեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ նիստին օրակարգը աւարտած նկատուեցաւ, այդ չի նշանակեր, թէ Փաշինեանի եւ կառավարութեան հրաժարականի հարցը Ազգային ժողովին մէջ պէտք չէ այլեւս քննարկուի:
«Քանի որ մեր նախաձեռնութիւնը գտնւում է ԱԺի ընթացիկ շրջանառութեան մէջ, այն շարունակում է լինել օրակարգային հարց, եւ հերթական նիստերի օրակարգից առաջ անպայման ենթակայ է քննարկման` նախ` յանձնաժողովում, այնուհետեւ` նաեւ ԱԺ օրակարգում», շեշտեց Մինասեան: