
Վերջին շրջանին, «Տաւուշը յանուն հայրենիք»ի շարժումին աջակցողներուն դէմ ծայր առաւ քաղաքական հետապնդումը, որուն թիրախը դարձաւ նաեւ «GG» ընկերութիւնը, որուն խուզարկութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ այս ընկերութեան նկատմամբ հետապնդումները սկսած են նախորդ տարի։ Ընկերութեան փաստաբան Արսէն Բաբայեան կը գրէ հետեւեալը. «Սա ամենեւին զարմանալի չէ, քանի որ «GG» հիմնադիր Խաչատուր Գրիգորեանը իր հակաիշխանական հայեացքներով վաղուց էր յայտնի: «GG» ընկերութեան նկատմամբ իրականացուողը քաղաքական պատճառ ունի եւ միտուած է խոշոր ընկերութեան սնանկացմանը»:
Այս երեւոյթին անդրադարձաւ նաեւ Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեան՝ դիտել տալով, որ GG ընկերութիւնը, իր հիմնադիր Խաչատուր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ, մեծ գործ կատարած են Արցախի մէջ եւ մնայուն կերպով սրտացաւութիւն դրսեւորել Արցախի հանդէպ:
«Խաչատուրի հետ որքան շփուել եմ, միշտ շատ դրական տպաւորութիւն եմ ստացել: Էլ չասեմ, որ շատ օրինակելի է նրա եւ GG-ի ազգային պատասխանատուութիւնը: Թէեւ այս ընթացքում հիմնականում GG-ից չեմ օգտուել` յաւելուածի մատչելիութեան խնդիրների պատճառով, սակայն այսօրուայ հետապնդումից յետոյ ակտիւօրէն (աշխուժօրէն) կիրառելու եմ GG-ն` լրացուցիչ ջանք թափելով մատչելիութեան դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: Յ.Գ.- Խաչատուրի գրառումը մի քիչ շատ էր յուզական ու ընդհանրացնող, բայց այդ լարուած իրավիճակում պէտք է հանգիստ վերաբերուել յատկապէս սովորական քաղաքացիների կողմից նման դրսեւորումներին: Փոխարէնը` չպէտք է հանդուրժել բռնութիւնը եւ ատելութեան քարոզը յատկապէս հանրային իշխանութիւն ու հեղինակութիւն ունեցող անձանց կողմից», գրած է Բեգլարեան: