Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ան շեշտեց խաղաղութեան համաձայնագիրին ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շարունակական յառաջընթացը եւ ընդգծեց անյապաղ համաձայնագիրը կնքելու կարեւորութիւնը` վերահաստատելով այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը: Այս մասին յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակը իր կարգին հաղորդեց, որ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու տեսանկիւնէն, Ալիեւ ընդգծեց «Հայաստանի մէջ Սահմանադրութեան, համապատասխան օրէնքներու եւ ներքին իրաւական որոշումներու հիման վրայ Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը»:
«ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի եւ անոր վերաբերող բոլոր կառոյցներու գործունէութիւնը պաշտօնապէս դադրեցնելու ժամանակն է, որպէսզի ամբողջութեամբ փակուի անցեալի մնացորդ հակամարտութեան էջը», ըսաւ Ալիեւ:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Պաքուի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք COP29-ի համաժողովը խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար լաւ կարելիութիւն նկատեց: