Չորեքշաբթի, 19 Յունիսի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Տիկնանց օժանդակ մարմինին հետ եւ իրազեկ դարձաւ անոր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծրագիրներու շրջածիրին, յատկապէս՝ կազմին մօտիկ եւ հեռաւոր ձեռնարկներու բնոյթին ու անոնց վերաբերող մանրամասնութիւններուն:
Կազմի ատենապետուհի Վանիա Պապիկեանի բացատրական ելոյթէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը իր օգտաշատ ցուցմունքները փոխանցեց՝ յանուն Ազգային առաջնորդարանին, «մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող կամաւոր աշխատանքի ռահվիրայ ազնուափայլ տիկիններուն, որոնք ոչ միայն ամբողջ տարին մեղուաջան կ՛աշխատին ու եկեղեցական, ազգային եւ աւանդական ձեռնարկներ կ՛իրականացնեն, այլեւ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան եւ կը ճոխացնեն իրենց ծրագիրներուն երանգապնակը»:
Իր խօսքին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ընդհանրապէս դրուատեց հայ մայրերու եւ քոյրերու ծառայական ոգին, ապա մասնաւորաբար շեշտեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը՝ դէպի Հայ եկեղեցի եւ ազգի զաւակներ: