
ԷՆՍԻՆՕ․- Շաբաթ, 22 Յունիսի երեկոյեան, համայնքի առաւել քան 400 անդամներ հաւաքուեցան Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ՝ դարձեալ իրենց նուիրուածութիւնը հաստատելով 133ամեայ ՀՅԴի առաքելութեան եւ մասնակցելով կուսակցութեան 133ամեակին նուիրուած եւ ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած խրախճանքին։
Այս առիթով տեղի ունեցան յատկանշական նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գլխաւորն էր Սարգիս Պալխեանի 25,000 տոլարի նուիրատուութիւնը։ Նաեւ, կուսակցութեան երկար տարիներու զօրակից տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները 10,000 տոլար նուիրեցին, իսկ նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը անցաւ 100,000 տոլարի սահմանը։



Ներկաները վայելեցին M Revolution նուագախումբին եւ Գառնիկ Սարգիսեանի կատարումները։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վարդգէս Աքմաքեան՝ լուսարձակի տակ առնելով ՀՅԴի առաքելութեան կենսական կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ եւ յոյժ կարեւոր նկատելով համայնքին ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Հանդիսավարն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Ստեփան Պոյաճեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց ձեռնարկը։


Գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան, որ խօսեցաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին ՀՅԴի կենսական դերակատարութեան մասին, լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի մարմինին հետ սերտ յարաբերութեան կարեւորութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը նեցուկ կը կանգնի «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին, գլխաւորութեամբ Բագրատ արք. Գալստանեանի, որ սկսաւ իբրեւ հակադարձութիւն Տաւուշէն 4 գիւղեր յանձնելու՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միակողմանի որոշումին դէմ։
Խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի կանուխ ժամերը եւ աւարտեցաւ ժամը 2ին, «Արիւնոտ Դրօշ» երգի միաբերան եւ խանդավառ երգեցողութեամբ։
Յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՅԴի զանազան ծրագիրները իրականացնելու ջանքերուն։
