Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 25 Յունիսին ընդունեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու գծով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ռուսիա-Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւնները, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացի ներկայ իրավիճակը եւ հեռանկարները, տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:
Նշուեցաւ, որ այս գործընթացին մէջ հիմնական «խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութեամբ եւ այլ օրէնսդրական դրոյթներով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ շարունակուող պահանջներն են»:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկու կողմերուն հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային այլ հարցեր: