Սուրիոյ քաղաքական եւ մարդասիրական իրավիճակները քննող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի յատուկ նիստին, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վազելի Նիպենզիա շեշտեց, որ Ռուսիա աջակցութիւն կը յայտնէ սուրիական հողերէն օտար եւ ապօրինի ուժերը անմիջապէս դուրս բերելու՝ Սուրիոյ պահանջին:
Նիպենզիա յայտնեց, որ Սուրիոյ կայունութիւնը ամբողջական չէ տակաւին, որովհետեւ Իսրայէլ յաճախակի յարձակումներ կը գործէ սուրիական տարածքներու վրայ եւ սուրիական ենթակառոյցները կը հարուածէ: Ապա ան շեշտեց, որ Ռուսիա համոզուած է, որ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատել առանց զինուորական օտար եւ ապօրինի ուժերու սուրիական հողերէն դուրս գալուն եւ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու:
Իր կարգին, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Քուսա Տահհաք շեշտեց, որ արաբական շրջանը անկայուն իրավիճակի եւ ռազմական գործողութիւններու սաստկացման վտանգին մէջ է։ «Իսրայէլ կը շարունակէ Պաղեստինի բնակչութիւնը սպանդի ենթարկել, սուրիական հողերու վրայ յարձակիլ եւ սպառնալ Լիբանանին», նշեց Տահհաք՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի ոճիրները քօղազերծեցին արեւմտեան կարգ մը պետութիւններու կեղծիքը, երբ անոնք կը յաւակնին ներկայանալ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, սակայն, իրականութեան մէջ, լուռ կը մնան եւ չեն նախաձեռներ Իսրայէլի ոճիրները կանխելու կամ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելու որեւէ քայլի: