Անգարայի մէջ, իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» խորհրդարանական խմբակցութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ հետեւեալը. «Ողջունելի է, որ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան ճանչցաւ Պաղեստին պետութիւնը»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Անգարա ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին` պնդելով, որ Իսրայէլ կրնայ պատերազմի սկսիլ այդ երկրին դէմ:
«Թուրքիա կ՛աջակցի Լիբանանին, եւ միւս տարածաշրջանային դերակատարներուն եւս կոչ կ՛ուղղէ՝ սատարելու Պէյրութին», յայտարարեց Էրտողան: