
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Վերջերս ես ալ, բախտակից հեղինակներու նման, մտալլկուած էի վերը տրուած հարցումին ճշգրիտ պատասխան մը գտնելու հոգով: Նկատի ունենալով անտիպներուս մեծ թիւը, զանոնք անպայման ընթերցողին հասցնելու մտահոգութենէն մեկնելով՝ մասնաւորապէս նկատի ունենալով յառաջացած տարիքս, մանչուս՝ Հրաչ Ռոճըրին, հետ որոշեցինք կայքէջի մը միջոցով, թուագրուած ձեւով, «Էփըլ Պուքս»ի (Apple Books)-ի ճամբով, տարիներու արգասիքս մատչելի դարձնել ընթերցող հասարակութեան:
Այդ ուղղութեամբ կ՛առնեմ առաջին քայլը հայ մամուլին մէջ հետզհետէ ներկայացնելով անտիպներուս շարքը, սկսելով «Ֆրիվէյ»ներէն հասնելու «Փասփորթ» վէպին երկրորդ հատորը, որ բաղկացած է 216 էջերէ…
Ըստ «Էփըլ Պուք»ի սահմանած սակին, իւրաքանչիւր գիրքի առցանց ընթերցումը 9,90 տոլար է, որ ներկայ օրերու գիներուն հետ բաղդատած՝ չնչին գումար մըն է…
Յուսամ, ինչպէս լոյս տեսած գործերս, արդի միջոցներով հրապարակ հանուած գիրքերս ալ պիտի արժանանան ընթերցողներու ուշադրութեան եւ սիրոյն ու զիս պիտի փրկեն, այնքան ճգնանքով գրուած գործերս մոռացութեան ենթարկելու սիրտ ճմլող, ահագնացող ցաւէն եւ մորմոքէն:
Ստորեւ, տասնամեակ մը առաջ գրուած « Փասփորթ»ի երկրորդ հատորին յառաջաբանը.
«Խոստովանիմ, գրողական երկար ու վերիվայրումներով լեցուն կեանքիս ընթացքին, դոյզն կերպով չեմ հետաքրքրուած, թէ բարեկամ հեղինակներ, նոր գործի մը չձեռնարկած՝ իրենց երեւակայութիւնը խթանելու համար ինչ հնարքներու կը դիմեն: «Հետեւաբար ինծի համար հանելուկային կը մնայ, թէ ինչպիսի՛ միջոցներով կը յաղթահարեն անոնք իրենց ահը:
«Արդէն ութսունը թեւակոխած գրողիս պարագային, անյուսութեան խորխորատը սահելու առօրեայ ահագնացող տագնապը ապրիլ կու տայ ինծի, էութենեանս մէջ տեսակ մը դատարկութեան սողոսկումը զգալ կու տայ նոր գործի մը ձեռնարկելու անորոշութիւնը՝ վերջապէս ինքնամտրակումի եւ այպանումի բարձրագոյն ոլորտները հասցնելով տատամսումներուս արդիւնք հանդիսացող հոգեկուլ տուայտանքս:
«Վերջին երկու տասնամեակներուն, յաճախ խոկացած ու մտադրած եմ բախտաւոր օր մը «Փասփորթ» վէպին երկրորդ հատորը գրելու մարտահրաւէրին շեշտակի նայելու մասին: Գրելը ինքնին երբեք հարց չէ եղած ստեղծագործական աւելի քան վաթսունամեայ կեանքիս ընթացքին: Միւս կողմէ սակայն, նոր ստեղծագործութեան մը աւարտին, անտիպ մնալու մտալլկումը եւ ապրած անդոհանքս մէջս երբեմն անդամալուծող ու ջլատող ներգործութեան վերածուած է, անգոսնելով գրելու տենդս եւ վճռակամութիւնս:
«Էր ժամանակ մը, երբ գրելը ինծի համար, կեանքի առօրեայ հեւքէն, տագնապներէն եւ գործատեղիին զգետնող տաղտուկէն փախուստ եղած էր: Այժմ, տարիքի եւ պայմաններու բերումով, գրելը հետզհետէ բարդացող ու բուրգացող տագնապներս մոռնալու եւ թաղելու անյաջող ճիգի մը վերածուած է՝ սիրտիս ծանրացող այդ տագնապներէն եւ հոգերէն տեսակ մը փախուստ: Սակայն, այդ բոլորէն առաջ եւ բոլորէն վեր, «Փասփորթ» վէպին այս երկրորդ հատորին ձեռնարկեցի, ինծի համար կարեւոր այս գործը կիսատ չթողնելու խոր մտահոգութենէ թելադրուած: Որովհետեւ շուտով պիտի ենթարկուիմ բժշկական վտանգաւոր դարմանումի մը, որ, ըստ մասնագէտներուն, կրնայ նաեւ մահացու հետեւանքներ ունենալ:
«Գրելու արագ եղանակիս վստահելով, կը կարծեմ, թէ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջաւորութիւնը, վստահօրէն պիտի կարենամ վէպին առաջին տարբերակը ի կատար հանել: Ի դէպ կը ծրագրէի հայկական արծուաբոյնը՝ Ղարաբաղ մեկնելով, հոն տեղւոյն վրայ շարունակել վէպին սլացք եւ լիցք տուող այն գործողութիւնները, որոնք հայրենի ենթահողին վրայ կը թաւալին:
«Յոյս ունի, որ առաջին այս փորձը գրելէս ետք ինծի պիտի յաջողի ղարաբաղեան բնաշխարհ տեղադրուիլ եւ հոն ամբողջացնել վէպը:
«Կը յուսամ, Աստուծո՛յ օգնութեամբ եւ տնտեսական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումով իրագործել գրական ստեղծագործական ծրագիրներս»:
Ակնարկ մը միւս անտիպ գործերուս վրայ.
– «Աշնանային Թրթիռներ», պատմուածքներու հատոր
– «Մանկապատանեկան», պատմուածքներու հատոր
– «Քննադատական», յօդուածներ
– «Բանաստեղծական Փորձեր», հայերէն եւ անգլերէն
– «Մարաշի Առիւծները»ուն անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւն
– «Ճշմարտութեան Փնտռտուքով», քաղաքական եւ ընկերային նիւթերով յօդուածներ, գրախօսականներ, դասախօսութիւններ, հարցազրոյցներ եւ Հայ Դատի վերաբերեալ յօդուածներ՝ 6 հատորներ
– «Այն Միւս Փողոցը» հատորին անգլերէն թարգմանութիւն: