«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի վարչապետը վստահ չէ, որ կա՞յ արդեօք Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով հանրաքուէ կատարելու անհրաժեշտութիւն: 1 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորում»ին ընթացքին փաստօրէն առաջին անգամ ըլլալով անդրադառնալով այս հարցին, Նիկոլ Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ ինք չի գիտեր, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը պատրա՞ստ է ընդունելու Հայաստանը:
«Ես գիտեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի կարծիքը: Հիմա հանրաքուէ անե՞լ, թէ՞ չանել, ինչո՞ւմ է պրոբլեմը (հարցը): Ես չեմ ուզում անդրադառնալ զուտ օրէնքի հետ կապուած կարգաւորումների պրոբլեմներին, որովհետեւ էդ կարելի է կարգաւորել, հարցը դա չի: Բայց էսօր, եթէ մենք անում ենք հանրաքուէ, մենք պէտք է անենք քարոզարշաւ, երբ որ մենք գնանք քարոզարշաւ, էդ մարդիկ, քաղաքացիները մեզ էսօր տալու են հարցեր, ասելու են` սկսած ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ինչքա՞ն ժամանակում, ի՞նչ քայլերով, Եւրամիութիւնը ուզո՞ւմ է դա, թէ՞ չի ուզում, Եւրամիութիւնը պատրա՞ստ է», ըսաւ Փաշինեան` շարունակելով. «Ինձ ասելու են` «դուք յայտարարեցիք, որ Հայաստանը պատրաստ է լինել էնքան մօտիկ, ինչքան Եւրամիութիւնն է պատրաստ»: Հիմա հարց` Եւրամիութիւնը ինչքանո՞վ է պատրաստ, էդ հարցի պատասխանը ես կարո՞ղ եմ տալ էսօր: Ո՛չ, չեմ կարող»:
Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ ներկայիս Եւրոպական Միութեան մէջ տեղի կ՛ունենան գործընթացներ, զորս տակաւին պէտք է արժեւորել։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Հայաստան բարձրագոյն մակարդակով հաստատած է Եւրոպական Միութեան հետ մերձենալու քաղաքական կամքը:
Նախորդ տարուան Հոկտեմբերին, Սթրազպուրկի մէջ` Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Փաշինեան յայտարարեց, որ «Հայաստանը պատրաստ է մօտ գտնուել Եւրոպական Միութեան այնքան, որքան Եւրոպական Միութիւնը դա հնարաւոր է համարում»:
«Կը ներէք, եթէ ես մտածէի, որ Հայաստանի ժողովուրդը էդ գաղափարին չի աջակցում, ես տենց յայտարարութիւն չէի անի», 1 Յուլիսին ընդգծեց Փաշինեան:
Այս տարուան Մարտին իր յայտարարութենէն ամիսներ ետք` Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց յատուկ բանաձեւ մը, որուն միջոցով կոչ կ՛ուղղէ՝ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ խորհուրդին՝ աջակցելու Երեւանին Պրիւքսէլի հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու: Փաշինեան իր կարգին արձագանգեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած բանաձեւը Հայաստանի մէջ հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ: Իսկ վերջերս հայաստանեան չորս քաղաքական արտախորհրդարանական ուժեր առաջարկեցին կառավարութեան՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով հանրաքուէի նախաձեռնել:
«Ժամանակին Հայաստանը ժողովրդավարութեան բաստիոն (ամրոց) հռչակած իշխանութիւնն այսօր ընդունեց, որ ամէն ինչ չէ արուել Հայաստանում ժողովրդավարութեան զարգացման համար: Այդուհանդերձ, թուարկելով վերջին եօթ տարիների ձեռքբերումները` վարչապետը շեշտեց` «ընտրութիւնների կեղծիք» արտայայտութիւնը պատմական ժանր է այլեւս, փոխաբերական ձեւակերպումներ օգտագործեց մամուլի ազատութեան մասին խօսելիս. «Հանրութեան կողմից ընկալուի ոչ թէ որպէս ցնցոտիաւոր ջադու, այլ որպէս վայելչատես այցելու», կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը:
Իբրեւ ժողովրդավարական ձեռբերում՝ ան ընդգծեց, որ տարբեր քաղաքական ուժեր այսօր ազատ են հաւաքներ կազմակերպելու ո՛ւր որ ուզեն: Առանց անուններ նշելու` Փաշինեան յայտարարեց, որ 2018ի յեղափոխութիւնը ցոյց տուաւ, թէ երբ հանրութեան մէջ փոփոխութիւնը հասունցած է, այդ փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ՝ այս երեւոյթը ժողովարդավարութեան ձեռքբերում որակելով: «Եւ ես նաեւ էս վերջերս քաղաքական հանգամանքների բերումով միշտ ասում եմ` եթէ ժողովուրդը ուզենայ անել իշխանափոխութիւն, կ՛անի, ոչ մէկ չի կարող դրա դէմը առնել», յայտարարեց Փաշինեան: