Առնուազն չորս անձեր մահացան եւ 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան Սուրիոյ թրքական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիս-արեւմեան շրջանին մէջ կատարուած հակաթրքական ցոյցերուն պատճառով: Այս մասին հաղորդեց «Տէօչէ Վելլէ»ն` յղում կատարելով Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանին:
Ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն` ցոյցերուն մասնակցեցան հարիւրաւոր անձեր, որոնց մէկ մասը զինուած էր: Ցուցարարները վար առին կամ պատռեցին թրքական դրօշակներ: Աֆրին եւ Ճարապլոս քաղաքներուն մէջ, ցուցարարներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան զոհեր:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ, 30 Յունիսէն ի վեր, սուրիացի գաղթականներու դէմ ցոյցեր կը կատարուին: Մասնաւորաբար, Կեսարիա քաղաքին մէջ, ամբոխը հրկիզեց սուրիացի գաղթականներու պատկանող խանութներ եւ ինքնաշարժներ: Անկարգութիւններուն մասնակցողները «այլեւս սուրիացիներու պէտք չունինք, օտարներու պէտք չունինք» կը պոռային:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու դէմ սադրիչ արարքներէն ետք 474 անձեր ձերբակալուեցան»:
Անկարգութիւններուն պատճառը, իբրեւ թէ սուրիացի տեղահանուածի մը կողմէ աղջիկ մանուկի մը նկատմամբ սեռային բռնութիւնն էր:
Երլիքայա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտեցին բռնութիւնները, իսկ Էրտողան ընդգծեց, որ տուներ եւ ինքնաշարժներ հրկիզելը անընդունելի է:
Կացութիւնը մեղմացնելու նպատակով, Անգարա Չորեքշաբթի օր որոշեց վերաբանալ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային անցքը, որ փակուած էր քանի մը օր առաջ։