
«Եթէ Իսրայէլ «Հըզպալլա»ի դէմ լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծէ, շրջանային պատերազմ սկսելու վտանգը պիտի դիմագրաւէ», յայտնեց Իրանի Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազի՝ աւելցնելով. «Եթէ Իսրայէլ լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծէ, Իրան «Հըզպալլա»ին աջակցելու համար բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ»:
Ան ըսաւ, որ եթէ լայնածաւալ պատերազմ ծագի, «ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը, արաբական պետութիւններն եւ Դիմադրութեան առանցքի անդամները Լիբանանին պիտի աջակցին, ընդդէմ՝ Իսրայէլի»:
«Առիթ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին մէջ պատերազմը ընդլայնելու, եւ անոր պիտի մասնակցին բոլոր պետութիւնները, ներառեալ Իրան, եւ այդ պարագային այլընտրանք պիտի չունենանք բացի «Հըզպալլա»ին բոլոր միջոցներով աջակցելէ», յայտնեց Խարազի` աւելցնելով. «Պատերազմի ընդլայնումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի, ո՛չ Իրանի, ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու»:
Ան ըսաւ, որ Իրան շրջանային պատերազմով հետաքրքրուած չէ, եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց՝ յաւելեալ մագլցում արգիլելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու:
Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը:
Իր կարգին, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտնեց, որ «Հըզպալլա»ի հետ պատերազմը վատ գաղափար պիտի ըլլայ, որովհետեւ «Իսրայէլ պիտի ցաւի այնպէս մը, որ իր պատմութեան մէջ չէ ցաւած»:
«Ամերիկացիները յայտնեցին, որ եթէ հիւսիսի մէջ համապարփակ պատերազմ ծագի, հաւանական է, որ Լիբանանը չքանայ: Զանգուածային ոչնչացում պիտի ըլլայ, այդ մէկը ընելու կարողութիւնը ունինք, սակայն նոյն ատեն, եթէ «Հըզպալլա»ն իր ամբողջ ուժը օգտագործէ եւ անիկա զայն պիտի օգտագործէ, Իսրայէլ արաբական պետութիւններուն հետ իր ճակատումներուն պատմութեան մէջ որեւէ ատեն ցաւածէն աւելի շատ պիտի ցաւի», յայտնեց Օլմերթ «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ աւելցնելով. «Այլ խօսքով, ո՛չ Իսրայէլ, ո՛չ ալ «Հըզպալլա»ն շահ ունին համապարփակ պատերազմի մէջ մտնելէ, եւ կրնանք համաձայնութեան մը հասնիլ: Այդ մէկը իմաստութիւն, համբերութիւն, յարատեւութիւն եւ ինքնազսպում կը պահանջէ: Երկու կողմերը ներկայիս նշեալները չունին, ինչ որ հարց է»:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ո՛ր ղեկավարը Իսրայէլի համար լաւագոյնն է՝ Օլմերթ ըսաւ. «Անոր անունը տակաւին չեմ գիտեր: Ժամանակն է, որ ղեկավարի պաշտօնին վրայ յարմար անձը գայ: Միակ բանը, որ անկէ որեւէ բանէ աւելի կը սպասուի, որոշում տալու անոր կարողութիւնն է: Այդ որոշումը կրնայ բոլորովին հակասել իր բոլոր դիրքորոշումներուն, այն բոլորին, որոնց համար իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կը պայքարէր եւ զանոնք կը պաշտպանէր, սակայն պիտի կարենայ այդ որոշումը տալ, եթէ իր ժողովուրդին համար ճիշդը այդ է»: