
Գերմանիոյ մէջ ընթացող «Եուրօ-2024» ֆութպոլի մրցաշարքին, Աւստրիոյ դէմ Թուրքիոյ տարած յաղթանակին յաջորդ օրը, Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը (ԵՈՒԷՖԱ) հետաքննութիւն բացաւ նշեալ խաղին ընթացքին թրքական երկու կօլերու հեղինակ թուրք ֆութպոլիստ Մերիհ Տեմիրալի վիճայարոյց արարքին դէմ:
Արդարեւ, Տեմիրալ Երեքշաբթի օրուան մրցումի աւարտին «Գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տուաւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ իր տեղադրուած այդ նկարին կցելով Մուսթաֆա Քեմալի «Երանի՜ անոր որ թուրք է» կարգախօսը։
ԵՈՒԷՖԱն յայտարարեց, թէ նշանակած է քննիչ մը եւ կը խոստանայ այս հարցին վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաղորդել հետագային։ Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ մարզիկը երկու մրցումներէ պիտի կախակայուի, այսինքն կրնայ չմասնակցիլ Շաբաթ օր Հոլանտայի դէմ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի մրցումին։ Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութիւնը վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում պիտի ներկայացնէ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետաքննութիւնը եւ պատիժը «քաղաքական դրդապատճառներով այլատեացութիւն» որակեց։
«Թուրք աջակողմեան ծայրայեղականներուն խորհրդանիշը տեղ չունի մեր մարզադաշտերուն մէջ։ Ֆութպոլը՝ իբրեւ ցեղապաշտութեան հարթակ օգտագործելը բացարձակապէս անընդունելի է», գրած է Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Նենսի Ֆէյզեր:
Թուրքիոյ ներկայի իշխանութեան մերձաւոր մամուլ մը, հաղորդելով այս իրադարձութիւնը՝ ոչ միայն չի դատապարտեր Տեմիրալի անընդունելի արարքը կամ գոնէ չի փորձեր զայն նսեմացնել «դիւանագիտական» կեցուածք դրսեւորելով, այլ ընդհակառակն, անոր կաջակցի՝ գրելով. «Ահա լաւագոյն պատասխանը Աւստրիոյ, որ արգիլած էր «Գորշ գայլեր»ու նշանը»։
Ըստ թրքական մամուլին՝ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, թէ պիտի ջնջէ Պաքու նախատեսուած այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի մասնակցէր թրքալեզու պետութիւններու նոր ժողովին, որովհետեւ պէտք է երթայ Գերմանիա, ներկայ ըլլալու Հոլանտա-Թուրքիա մրցումին։
«Նոր Յառաջ»ը կը յիշեցնէ, թէ Տեմիրալի այս արարքը ինքնին դատապարտելի եւ գրգռիչ ըլլալէ անդին կը «զուգադիպի» Սվասի (Սեբաստիոյ) ջարդի տարելիցին հետ, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ վերջին տասնամեակներու պատմութեան սեւ էջերէն մէկը։ Արդարեւ, 2 Յուլիս 1993ին, Սվաս քաղաքին մէջ, արմատական իսլամականներու գլխաւորած խռովութեան ընթացքին հրկիզուած էր հանդիսասրահ մը՝ 37 զոհեր խլելով, որոնց կարգին՝ 33 ալեւի մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, որոնք կը մասնակցէին համագումարի մը։