ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Արժէ՛ մտածել, թէ ինչպէ՞ս հաշտ ու համերաշխ դարձնել մեր մտքերն ու արարքները:
Ձիւնագնդակը տակաւ առ տակաւ կը գլորուի ու կը գլորուի, իսկ այս կրկնութեան ընթացքը դէպի ո՞ւր եւ մինչեւ ո՞ւր կը տանի մեր համայն ազգն ու հայրենիքը, ապա նման անկայուն, անորոշ եւ ո՛չ խելամիտ ընթացքին որպէս հետեւանք-արդիւնք, ո՞վ կը փրկուի եւ կամ ո՞վ կը վնասուի, եւ վերջապէս, ի՞նչ համբաւի եւ կամ ո՞ր գաղափարի ի վնաս, թէ՞ ի օգուտ կրնայ դառնալ տուեալ ընթացքը… ժամանակը իր խօսքն ունի հարկաւ:
Ամենօրեայ մտատանջութիւն…
Դարերով մեզի փոխանցուած հաւատամքն ու երազանքը խանգարել եւ կասկածի ենթարկել զայն, կը նշանակէ ինքնասպանութեան հրաւիրել մեզ՝ ազգովին:
Թէեւ ծանր եւ ցաւոտ, սակայն եւ ներկայիս, ո՛չ միայն արծարծուող, այլե՛ւ գործադրուող եւ տարածուող բռնի արարքներու վերածուած են վերոյիշեալ մտքերը:
Ուրեմն, ցաւ ու սէր, գուրգուրանք եւ համերաշխութիւն, լաւատեսութեան եւ դիմադրողականութեան կողքին՝ յետ այսու, քննարկումներով, բանավէճերով, երկխօսութիւններով՝ «անորակ» քաղաքական որոշումնե՞ր կայացնել…:
Մեր ներկայ անորոշ առօրեան իւրաքանչիւր հայ անհատի անմիջական կեանքի տուեալներն են դարձած այսօր:
Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան էջերով արձանագրուած՝ պատմաքաղաքական արժէքներն ու արժանիքները «խաղահրապարակ» բերելն ու անարժան խաղերու տրամադրելը եւ կամ ենթարկելը՝ կը նշանակէ ինքնասպանութեան տանող անընդունելի ճանապարհի մը ուղղել զայն սոսկ…:
Ի դէպ, նորօրեայ քաղաքականութեան հետ ներդաշնակել պատմականն ու նորը, ժառանգութիւնն ու նորարարը, խելամիտ արարք է, քան անցեալի «փլատակ»ներու վրայ հիմնել նորը, այլ հարկ է, հինին վրայ կառուցել նորը եւ ներդաշնակութիւնն ու համերաշխութիւնը դարձնել անոր երեւելի ու գործածելի միակ բանալին:
Պետութիւններու թէ ազգերու պարտութիւնները ժամանակաւոր են, ինչպէս նաեւ յաղթանակները:
Հոգեփիլիսոփայական մտածողութիւն եւ տեսութիւն է, թէ պէտք չէ յանձնուիլ ցաւին, պարտութեան եւ կորուստին, այլ պէտք է շրջանցել, ապա նոր յղացքներով յառաջանալ եւ հիմնել նորը՝ առաւել հմուտ, առաւել խելամիտ եւ առաւել պատասխանատու եւ ամուր հիմքերով օժտել ու նոր «սլացք»ի մը վերածելով, ընթացքը շարունակելի եւ յարիր ծրագիրներով առաջ տանիլ եւ ոչ թէ փակուղիով…
Եթէ երկիրը, երկիր է, իր աշխարհաքաղաքական եւ ընկերաքաղաքական ներքին եւ արտաքին առողջ տեսութիւններով եւ յղացքներով, ահա այն ատեն երկիրը կը դառնայ ու կը մնայ իր հարազատ ժողովուրդի սեփականութիւնը, ինչպէս որ, հարազատ ժողովուրդը տէրն է ու կը մնայ իր հողին, մշակոյթին եւ նորագրեալ առողջ պատմութեան հիմնաւորման, որ կը տանի կայուն եւ հաստատուն ընթացքով, անզուգական երկիր-ժողովուրդ մը դառնալու եւ մնալու իրականութեան գիրկը:
Հարկ է, քաղաքագիտութեան առողջ հիմքերով յառաջանալ եւ ներկայանալ աշխարհաքաղաքական հանրութեան:
Միաբանութիւնը հարկ չէ, որ ծնի միաձայնութեամբ:
Առողջ տարակարծութիւնը եւ առողջ քննադատութիւնը կը տանի առողջ քննարկումներու, միասնական համոզումի եւ ապա համագործակցութեան:
Ի դէպ, վերադառնալ արմատներուն, պահպանելով հինը սակայն եւ փտածը հեռացնելով, ապա «նորոգ եւ ուժեղ» մշակութային քաղաքակրթութեամբ եւ իմաստութեամբ շաղախելով զայն, նոր խմորումներով տարածել եւ միասնական գործադրութեան տանիլ, ազգին ու ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելով զայն:
Անկեղծ մի քանի տողեր եւս․
Ուրեմն, վերադարձ մաքուր եւ ուժեղ արմատներու արդար վերահաստատումով եւ նոր ու առողջ քաղաքակրթութեան հիմքերով:
Խաբկանքներէն զերծ մնալ եւ սին երազանքներ չհիւսել եւ չմոլորիլ ու չմոլորեցնել անմեղութեամբ անիմաց հաւաքականութիւնը:
Հետեւեալ միտքը առաւել քան արդարացի է՝ «Անկախութեան եւ պետականութեան համը տեսած ժողովուրդը կարելի չէ մոլորեցնել եւ կամ շեղել», իսկ ես կ՛ուզէի աւելցնել, եթէ տուեալ ժողովուրդը արթուն եւ կամեցող է տակաւ…:
Առ այդ, ժողովուրդը պէտք չէ յուսահատեցնել եւ մոլորեցնել, որպէսզի «ան» չարանալով եւ ինքնախարազանութեամբ, հաւատքը չկորսնցնէ ինքն իր սեփական երազներուն եւ ուժերուն վրայ:
Վերջապէս, քաղաքագիտութիւնը հիմնական եւ ճշգրիտ օրինաչափութիւններով գիտութիւն է եւ ոչ թէ յոյսի «գիտութիւն»..:
Քաղաքականութիւն վարելը յատուկ արուեստ է, առ այդ, քաղաքականութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ մաքուր «արուեստ»ի վրայ եւ ոչ թէ խաբէութեան «արուեստ» ի..
Եկէ՛ք ինքնախարազանումի գերին չդառնանք, այլ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ամուր հիմքերու մաքուր շերտերով եւ համագործակցութեան միասնական ջանքերով յառաջանանք, որպէսզի տնաշինութիւն բաղձանք եւ կատարենք եւ ոչ թէ մեր սեփական «տնաքանդ»ը դառնանք:
Վերջապէ՛ս՝ «Պի՛նդ բռնէ հողը, մի՛ թողուր, որ ուրիշը յափշտակէ, յետոյ շատ կը զղջաս, անգամ մը որ հողը կորսնցնես՝ մուրացկան կը դառնաս»: Իմաստուն Խրիմեան Հայրիկ: