Կիրանցի նորակառոյց դպրոցէն արդէն կ՛երեւի ատրպէյճանցի սահմանապահներէն բաժնող պատը: Շուրջ երեք մեթր բարձրութիւն եւ մէկ մեթր լայնք ունի աղիւսէ այդ պատը, ըստ տեղացիներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն. պատը 100 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կը կառուցեն, որպէսզի նորակառոյց դպրոցը ապահով դառնայ եւ աշակերտներուն ծնողները աւելի հանգիստ զգան:
Տարածքը այսօր սահմանային գօտի կը կոչեն: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնատարները «Ազատութեան» լրագրողին չթոյլատրեցին մօտէն նկարել կառուցուող պատը եւ քանի մը տասնեակ մեթրի վրայ գտնուող նորակառոյց դպրոցը: Այնտեղ արդէն ներքին յարդարման աշխատանքներ կը կատարուին. շինութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ շահագործման Սեպտեմբերին, բայց տակաւին յստակ չէ, թէ աշակերտները հոն դասերու պիտի հետեւի՞ն։
Կիրանցի մէջ նոր կառուցուող այլընտրանքային ճամբաները նկարահանելու համար եւս յատուկ արտօնութեան կարիք կայ: ԱԱԾի աշխատակիցները պնդեցին, որ իշխանական պատգամաւորները եւ կառավարութեան անդամները այս օրերուն ունեցած են այդ թոյլտուութիւնը: Անոնք փշալարերուն դիմաց նկարուեցան եւ յայտարարեցին, թէ Կիրանցի մէջ սահմանազատումէն դժգոհ բնակիչներու չեն հանդիպած։
«Ազատութիւն»ը կը հարցնէ, որ անոնք արդեօք ինչո՞ւ չէին հանդիպած կիրանցեցի 75ամեայ Ալբերտ Սիմոնեանին, որուն տունը օրեր առաջ հիմնովին քանդած են եւ անոր այգիին ծառերը կտրած:
«Առաջի տունն էր` գիւղի էն ծայրից որ գիւղ ես մտնում, էտեղ էր, քանդել են հիմնովին, հողին հաւասարացրել: Իմ աչքի առաջ: Ծառեր ունէինք` երկու մեծ եոլկա (եղեւնի` ռուսերէն) էր էլի, էն այ էն էլ որ կտրեցին, սավսեմ ամէն ձեւի էլ վերացաւ ամէն ինչը ինձ համար, աշխարհը», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Սիմոնեան։
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ փշալարերուն կից հողատարածքներ կան. Խէյրիմլիէն միւս կողմ մնացած 60 հեկտար արտերն ալ այս տարի անմշակ մնացին: Այս պարագային եւս պաշտօնատարներուն եւ տեղացիներուն միտքերը չեն համընկնիր:
Գիւղացիներուն լուրեր կը հասնին, թէ յառաջիկայ օրերուն արդէն գործող միջպետական մայրուղին պիտի փակուի: Աճարկուտ գիւղի մէջէն անցնող հողային ճամբան, որ շուրջ 4 քիլոմեթրով աւելի երկար է, արդէն կուպրապատուած է, բայց նոր կառուցուող ճամբան, որուն մասին կը խօսի կառավարութիւնը, տակաւին անցանելի չէ:
Կիրանցի մէջ այսօրուան դրութեամբ երկու տուներ քանդուած են, առեւտուրով զբաղող երկու վակոն տնակներ հանուած են: Կիրանցի սկզբնամասին մէջ գիւղը խորհրդանշող արծիւը նոյնպէս չկայ` տարածքը օրեր ետք պիտի անցնի Ատրպէյճանին: Վերեւը՝ քանի մը տասնեակ մեթրի վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դրօշները կան: