Մինչ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն համար դիւանագէտներ Ուաշինկթընի մէջ կը հանդիպին, հայ բանտարկեալները կը հիւծին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ: Ասիկա ակնյայտ կերպով կը հակասէ խաղաղութեան որեւէ հռետորաբանութեան, կ՛ըսուի Free Armenian Prisoners-ի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ տեղադրուած գրութեան մէջ:
«Մենք կը յորդորենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը՝ հայ բանտարկեալները անյապաղ ազատ արձակելու հարցը առաջնահերթութիւն դարձնել: Չի կրնար իրական խաղաղութիւն ըլլալ, երբ տակաւին մարդիկ կը շարունակեն ապօրինիաբար բանտարկուած մնալ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան՝ դիմելու յստակ գործողութիւններու, եւ ոչ միայն խօսելու: Տեւական խաղաղութիւնը կրնայ կառուցուիլ միայն արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքին հիման վրայ», կ՛ըսուի նոյն գրութեան մէջ: