«Եթէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատուի, հարաւային Լիբանանի մէջ կրակոցը պիտի դադրեցնենք առանց բանակցութիւններու, սակայն եթէ իսրայէլացին մեր վրայ յարձակում գործէ, պատրաստ ենք հակադարձելու», պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին յայտնեց Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա՝ աւելցնելով. «Համաս» իր անունով եւ Դիմադրութեան ամբողջ առանցքին անունով բանակցեցաւ, եւ այն, ինչը «Համաս»ը կ՛ընդունի, բոլորս կ՛ընդունինք: Այս ճակատամարտը անոնց ճակատամարտն է: Միջազգային կողմերը կը գիտակցին, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ զինադադարը կախեալ է Կազայի վրայ յարձակումի դադրեցումէն»:
Նասրալլա նշեց նաեւ, որ Իսրայէլ դադրեցուցած է Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը բնաջնջելու եւ անոր վրայ լայնածաւալ յարձակում գործելու՝ իր սպառնալիքը: