«Էմ.Էլ.Էս.» ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) մրցումներուն, «Քոլոմպըս Քրու»ն 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Թորոնթօ Էֆ.Սի.»ն:
«Քոլոմպուս Քրու»ի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիէկօ Ռոսի Մարաշլեան կօլ մը նշանակեց, ինչպէս նաեւ կօլային երկու փոխանցում կատարեց այդ մրցումին:
26 տարեկան մարզիկը «Քոլոմպըս Քրու»ի հետ 30 ելոյթներէ ետք 10 կօլ նշանակած է եւ կատարած է 6 կօլային փոխանցում: 2018–2022ին «Լոս Անճելըս Էֆ.Սի.»ին մաս կազմած մարզիկը թրքական «Ֆեներպախճա»ին վարձու տրուած է, իսկ 2023-2024 տարեշրջանին սկիզբը միացաւ «Քոլոմպըս Քրու»ին։
«Քոլոմպըս Քրու»ն այժմ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի 3րդ դիրքը։