
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց մեր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան` կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման նպատակով, որ կրնայ նոր էջ բանալ տարածաշրջանին մէջ», կ՛ըսուի Մաքրոնի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Էրտողան նշեց, որ «Հայաստանի վարչապետը դրական քայլեր կ՛առնէ, իսկ Ատրպէյճանի նախագահը խաղաղութեան եւ դրական օրակարգին կողմնակից է։ «Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն տիրէ», ըսաւ Էրտողան։
Նշելով, որ թէ՛ աշխարհը, թէ՛ տարածաշրջանը խաղաղութեան կը ձգտին՝ Էրտողան ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին կարելի եղածին չափ արագ հասնիլ անոր։