
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Ակադեմական քաղաք» կոչուած ծրագրին մասին արդէն տարի մըն է կը խօսուի ու կը գրուի Հայաստանի մամուլին մէջ եւ կամ կը հրամցուի սակաւապետերու (օլիկարխ) եւ վարչակարգին կողմէ հովանաւորուող հեռուստակայաններու կողմէ։ Այս նոյն շրջանին, խօսք ելաւ նաեւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը ուրիշ տեղ մը տանելու առաջարկութեան մասին։ Ատեն մը խօսուեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանը այլ տեղ փոխադրելու մասին (ես այս համալսարանի հպարտ շրջանաւարտ մըն եմ)։
Պատահակա՞ն է արդեօք որ ատենէ մը ի վեր համալսարանները Երեւանէն դուրս վայր մը փոխադրելու մասին կը տարածուին խօսակցութիւններ ու կը ներկայացուին յատակագիծեր։ Ամենեւին պատահական չէ որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակումով սարսափեցնող այսօրուան վարչակարգի օրով կը կատարուին կամ կը ծրագրուին այս փոխադրութիւնները։
Ամենեւին Ո՛Չ։ Այս ծրագիրները կը յղացուին ուղեղային հիւանդութեամբ տառապող միեւնոյն պետական այրերու «կլոպալիզացուած» (համաշխարհայնացուած) ու «սորոսացուած» գանկերուն մէջ։ Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան նաեւ նշուած ծրագիրներէն հայ եւ ոչ-հայ ձեռնարկատէրերու հսկայական դրամ շահելու ախորժակները։
Այս մասին արձագանգած եմ 27 Յունիսի 2024ի «Դիմատետր»ի («Ֆէյսպուք») իմ էջիս մէջ։
Ուրեմն այս ընթացքով Երեւան քաղաքի հանճարեղ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի յատակագիծը կ՛ոտնակոխուի․ նոյնն է, թէ Էյֆելի աշտարակը տեղափոխուի այլ վայր, որպէսզի այդ վայրերը բարելաւուին եւ հրապուրիչ դառնան այցելուներուն։
Ալեքսանդր Թամանեան Եւրոպա ուսանած բացառիկ ճարտարապետ մըն էր, որ ստեղծագործաբար մօտենալով եւ հաւատարիմ մնալով հայկական ճարտարապետութեան ու քաղաքաշինութեան (Անի, Կարս) աւանդոյթներուն, նախագծեց այնպիսի մայրաքաղաք մը, որուն կեդրոնը հանդիսանայ նոր հանրապետութեան քաղաքական, մշակութային եւ կրթական համալիրներու ցանց մը։ Կարեւոր տարրերէն մէկը իր յատակագիծին՝ Օղակաձեւ այգին էր, որ ընդամէնը 5-6 րոպէ էր Երեւանի Պետական համալսարանէն (Աբովեան փողոցին վրայ), Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի (հին) շէնքէն, Բժշկական եւ Գեղարուեստա-թատերական ու Բազմարհեստից (Պոլիտեխնիկ) համալսարաններէն, զուարթնոցատիպ Օփերայի եւ Ֆիլհարմոնիայի համալիրէն, եւ այսպէս շարունակաբար մինչեւ այսօրուան Հանրապետութեան հրապարակը։
Մեր ուսանողութեան եւ դոկտորական տարիներուն (1968-1978) գլխաւոր կազդուրիչ վայրերն էին մեր ուսումնական հաստատութիւններուն մօտ գտնուող զբօսայգիները, սրճարանները, թատրոնները, որուն շնորհիւ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՉԷՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԻՆ ԿՈՒ ՏԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴԻՄԱԳԻԾ։ Հետեւաբար այսպէս կոչուած «Ակադեմական քաղաք» կոչուած ծրագրով «Երեւան, իմ բարի քաղաք»ը, «Գարուն Երեւան, սիրուն Երեւան»ը պիտի զրկուի ԻՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԿԱՆԻՇԷՆ։
Ես շրջան մը հետեւած եմ Փարիզի «Ալիանս Ֆրանսէզ»ի եւ Սորպոնի Հայագիտական ուսմանց (փրոֆ. Ֆ. Ֆէյտի) դասընթացքներուն, որպէս ազատ ունկնդիր։ Այս երկու հաստատութիւններն ալ կը գտնուին Փարիզի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ուր կը գտնուէին նաեւ այլ բարձրագոյն ուսմանց կեդրոններ։ Ամէն օր հազարաւոր ուսանողներ այս կեդրոնները կը հասնէին Փարիզի հարաւային 14րդ շրջանին մէջ կառուցուած Ուսանողական աւանէն (Cite Internationale Universitaire de Paris)։ Այստեղ իրենց սեփական ուսանողական կացարանը ունէին նաեւ հայերը (Maison des etudiants armeniens)` շնորհիւ Պօղոս Նուպար փաշայի հեռատեսութեան. շէնքը կառուցուած էր հայկական ճարտարապետութեան յատուկ կամարներով, շքամուտքով եւ մենք հպարտ էինք մեր Ոստանով (այդպէս կը կոչուի շէնքը)։
Ուսանողական քաղաքէն մինչեւ մեր համալսարանները հասնիլը առնուազն կէս ժամ կը խլէր մեզմէ։ Քաղաքի կեդրոնը գտնուելու առանձնայատկութիւնը ամբողջ Լատինական թաղամասին եւ շուրջը գտնուող թաղերուն կը պարգեւէր յատուկ նկարագիր մը․ փողոցներն ու թաղերը լեցուն էին ուսանողներով, դասախօսներով եւ շէնշող ուսանողական մթնոլորտով։ Միայն յոգնելէ ետք մեթրօ կը նստէինք մեր կացարանները վերադառնալու համար։ Փարիզեան քանի մը ուսանողական ընդվզումներն ալ այս թաղերէն կը սկսէին… Ֆրանսայի կառավարութիւնն ու Փարիզի քաղաքապետարանը երբեք չմտածեցին իրենց համար «Ակադեմական քաղաք» կառուցելու մասին, որովհետեւ 14-15րդ դարէն եկած աւանդութիւն մը կար, որ դիմագիծ մը կու տար քաղաքին։ Ատկէ զատ, Փարիզի հրապոյրներէն մէկն է եղած քաղաքի կեդրոնները գտնուող ուսումնական հռչակաւոր հաստատութիւնները։
Հետեւաբար, Հայաստանի մեր «խելօքները», որոնք կ՛երազեն Եւրոպական Միութիւն մտնել, իրենց արարքով ամէնէն ոչ-եւրոպական քայլ մը կ՛առնեն, երբ կ՛որոճան «Ակադեմական քաղաք» կառուցելու մասին։
Ես, որ պատեհութիւնը ունեցած եմ լաւ ճանչնալու «հայաստանեան» միջավայրը, անոնց շինարարական ծրագիրներուն ետին թաքնուած ԶՈՒՏ ՇԱՀԱԴԻՏԱԿԱՆ նպատակները, «ակադեմական» ծրագրի ետին կեցած վարձու ջատագովները «խաղող ուտելու նպատակ չունին, այլ այգեպանը ծեծել», որպէսզի իրենք ազատ համարձակ օգտուին «Ակադեմական քաղաք» մը կառուցելու ծրագրի պատեհութենէն, որ շաքարով պատուած կը հրամցուի օրուան հացին ետեւէն վազող մեր անմխիթար զանգուածներուն։ Կայ դեռ աւելին, որուն մասին ներկայ վարչակարգով «հիացողները» պիտի բնութագրեն որպէս իմ նմաններուն կողմէ յօրինուած «դաւադրական վարկած» (conspiracy theory)։
Արդարեւ ներկայ վարչակարգի վերջին 4-5 տարիներու շարժառիթները վերլուծելէ ետք կրնանք հետեւցնել, թէ ծրագրին նպատակներէն մէկն է նաեւ հայ բնակչութեան աւելի գործուն խաւը՝ ուսանողութիւնը հեռացնել մայրաքաղաքէն, հաւաքել «մէկ տանիքի տակ», որով աւելի դիւրին կ՛ըլլայ հսկողութիւն բանեցնելը անոնց վրայ։
Մի՛ զարմանաք, եթէ գիշեր մը այսօրուան «հայ ժողովուրդին մանտաթը» վայելող «չարչիապետ»ը յառաջիկայ տարիներուն իր ամբողջ աշխատակիցներով առաջ քաշեն Ծիծեռնակաբերդը «Կովկասեան ազգերի բարեկամութեան» կամ «Հայ-թուրքական» բարեկամութեան յուշակոթող»ի վերածելու ծրագիր մը։
Ակամայ հարց կու տամ ինքզինքիս թէ՝ այս «շքեղ» ծրագրի նպատակը «Ակադեմական քաղա՞ք» կառուցելն է, թէ՞ իրենց գրպանները լեցնելու ոսկեայ առիթ մը…
Լոս Անճելըս
Յուլիս, 2024