Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս Տանըլտ Թրամփը առաջադրեց՝ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու: Այս մասին յայտարարուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան՝ Ուիսքանսընի Միլուաքի քաղաքին մէջ, 15էն 18 Յուլիսին տեղի ունեցող ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Թրամփ ապահովեց 2268 պատուիրակներու քուէները, ինչ որ թեկնածու առաջադրուելու համար անհրաժեշտ քուէներուն կրկնապատիկն էր:
Ան աւելի կանուխ յայտարարած էր փոխնախագահի իր թեկնածուին՝ ծերակուտական Ճէյ․ Տի․ Վենսի անունը: Օհայոյէն 39ամեայ ծերակուտականը կրնայ սիրաշահիլ աշխատաւոր դասակարգի այն սպիտակամորթ քուէարկողները, որոնք 2016ին դժկամութեամբ քուէարկած էին ի նպաստ Թրամփի օգտին:
Վենս ութ տարի առաջ՝ նախքան նախագահական ընտրապայքարը, քննադատած է Թրամփը, սակայն աւելի ուշ դարձած էր նախկին նախագահին պաշտպանը:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան՝ Վենս մօտ է Թրամփի արտաքին, ներքին եւ տնտեսական քաղաքականութեան իր հայեացքներով եւ տնտեսական հարցերուն գծով ամբոխահաճ մըն է:
Վենս կը պատկանի Քոնկրեսի հանրապետականներու խումբին, որ վեց ամիսով յետաձգեց Ուքրանիոյ ամերիկեան օգնութիւնը: Ան եւ անոր համախոհները կը կարծեն, թէ Միացեալ Նահանգները նախ եւ առաջ պէտք է կեդրոնանա հարաւային սահմանի ամրապնդման եւ անօրինական ներգաղթին դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Չինաստանի դէմ պայքարին վրայ: Ան նպատակայարմար չի նկատեր Ուքրանիոյ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելը:
Վենս նաեւ այն կարծիքը ունի, որ Կազայի պատերազմը պէտք է աւարտի, որպէսզի Իսրայէլ եւ սիւննի պետութիւնները կարենան դէմ դնել Իրանին: