ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը վերջերս թափ տուած է դպրոցներու ուսման ծրագրին մէջ կրօնքի դասապահեր աւելցնելու արշաւին։ Բացի դասերու ցանկին վրայ ճշդուած դասապահներէն, զանազան դասանիւթերով կ՛աւելցուին կրօնքի դասերու ժամերը։
Այս ծիրին մէջ, նախարարութիւնը վերջերս թիրախ դարձուց երկու ֆրանսական կրթական հաստատութիւններ՝ Շարլ տը Կոլ եւ Փիեռ Լոթի դպրոցները՝ պահանջելով, որ անոնք եւս յօժարին նախարարութեան ճշդած ուսման ծրագիրին։
Այս մասին Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Սիլվի Լեմասոն նշեալ երկու դպրոցներուն աշակերտներու ծնողներուն նամակ մը գրելով՝ յայտնեց, թէ 2024-2025 ուսման տարեշրջանին համար թուրք աշակերտներու արձանագրութիւնը կասեցուած է։
Մինչ այդ Ֆրանսայի աւագ դեսպանը հաղորդեց, թէ հարցի լուծման համար, յարատեւ բանակցութիւններ կը տանին կրթական նախարարութեան հետ։
Կրթութեան նախարար Եուսուֆ Շահին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն 12 օտար վարժարաններ, որոնց գործունէութիւնը երաշխաւորուած է Լօզանի դաշնագիրով։ «Նշեալ երկու դպրոցները աւելի ուշ թուականներու հիմնուած են եւ իրենց աշակերտներուն 90 տոկոսը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են։ Այս դպրոցները ստիպուած են մեր ուսման ծրագիրը գործածելու։ Եթէ չհնազանդին, կ՛արգիլեմ Թուրքիոյ քաղաքացիներու արձանագրութիւնը» ըսաւ Շահին։