Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ իր թեկնածուն` Էտմոնտօ Կոնզալես երկրի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 70 առ հարիւրը` մերժելով Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իրերայաջորդ 3րդ նստաշրջանի համար նախագահ ընտրուած ըլլալու յայտարարութիւնը:
«Վենեզուելա ընտրուած նոր նախագահ ունի. ան Էտմոնտօ Կոնզալեսն է», յայտնեց ընդդիմութեան ղեկավար Մարիա Քորինա Մաչատօ:
Վենեզուելայի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարած էր, որ Մատուրօ ապահոված է քուէներուն 51 առ հարիւրը: