Անգարայի միջազգային օդակայանին մէջ, Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ մեծ թիւով բանտարկեալներու փոխանակում մը տեղի ունեցաւ:
Ընդհանուր առմամբ փոխանակուեցան 26 անձեր: Ասիկա իր տեսակին մէջ Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր մեծագոյն փոխանակումն է:
Ռուսիա պիտի վերադառնայ 2019ին Պերլինի մէջ նախկին չեչեն մարտական հրամանատար Զելիմխան Խանկոշվիլիի սպանութեան համար գերմանական դատարանին կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Վատիմ Քրասիքով:
Սպիտակ տունը հաստատեց, որ քանի մը երկիրներու հետ 1 Օգոստոսին փոխանակուած գերիներու շարքին են «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթի լրագրող Էվըն Կերշքով, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Ալսու Քուրմաշեւա, նախկին նաւազ Փօլ Ուիլըն եւ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Վլատիմիր Քարա-Մուրզա:
Նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ գործարքը, որ ապահովեց անոնց ազատութիւնը, դիւանագիտական սխրանք էր: Ընդհանուր առմամբ, ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, իրենք բանակցեցան Ռուսիայէն 16 անձեր ազատ արձակելու շուրջ, ներառեալ Գերմանիոյ 5 եւ Ռուսիոյ 7 քաղաքացիներու, որոնք իրենց երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ եղած են:
«Այս կիներուն եւ տղամարդոց մէկ մասը տարիներով անարդարօրէն բանտարկուած էր: Անոնք բոլորն ալ կրեցին աներեւակայելի տառապանքներ եւ անորոշութիւն: Այսօր, անոնց տառապանքը աւարտած է», ըսաւ Պայտըն` շեշտելով, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ ամբողջ աշխարհի վրայ ոչ-օրինական կերպով բանտարկուած կամ պատանդ պահուած իւրաքանչիւր ամերիկացի վերամիանայ իր ընտանիքին հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործարքին օգնած կողմերուն, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ, Լեհաստանին, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, որ «տարածք տրամադրած է այդ անձերը Միացեալ Նահանգներ եւ Գերմանիա անվտանգ վերադարձնելու համար»: