Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեան Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 10էն 14 տարեկան արցախցի մանուկ-պատանիներ:
«Ապառաժ»ի լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Քեշիշեան նշեց, որ, հակառակ նոր պայմաններուն մէջ ծագած բազմաթիւ հարցերուն` իրենք որոշեցին շարունակել գործունէութիւնը:
«Երեխաները անընդհատ կը գրէին, թէ արդեօք կարելի՞ է Երեւանի մէջ ծրագիր մը իրականացնել: «Ֆէյսպուք»ի վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրեցի, որովհետեւ չէի գիտեր, թէ ով ո՛ւր կ՛ապրի հիմա: Պարզուեցաւ, որ հիմնականօրէն անոնք կ՛ապրին Երեւան, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներուն մէջ, հետեւաբար, ծրագիրը իրագործելու համար այս ամառ եկայ հոս»:
2020ի պատերազմէն եւ Շուշիի անկումէն ետք «Վարանդա» երգչախումբի տնօրէնութիւնը Ստեփանակերտի մէջ կեանքի կոչեց «Երգող Արցախ» երաժշտական ծրագիրը եւ յաջորդող տարիներուն` նաեւ նոր սաներով, իրագործեց զայն:
«32 տարիներու ընթացքին միայն անցեալ տարի էր, որ շրջափակման պատճառով չկրցայ Արցախ այցելել», յիշեց Քէշիշեան:

Երեւանի մէջ ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու թեմը եւ քանի մը անհատներ: Արդէն շուրջ 80 մանուկ-պատանիներ հաւաքագրուած են, եւ սկսած են փորձերը, որոնք տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, կէսօրէն ետք ժամը 3էն 4:30ին` Սայաթ Նովա փողոցի 15 հասցէին վրայ գտնուող Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան դահլիճի մէջ: Մասնակցութիւնը անվճար է, փափաքողները կրնան միանալ:
Աւանդաբար, «Վարանդա»ի փորձերը կ՛եզրափակուին համերգային ծրագիրով մը. այս տարին բացառութիւն պիտի չըլլայ:
Կը նախատեսեն Օգոստոսի վերջերուն եւ Սեպտեմբերի առաջին կիսուն շարք մը ելոյթներ ունենալ Երեւանի եւ մօտակայ քաղաքներու մէջ:
Խօսելով հարցերու մասին Քեշիշեան յայտնեց, որ հոս տակաւին չկան գործունէութեան համար այն պայմանները, որոնք Արցախի մէջ կային: «Բայց, փոխարէնը ունինք կամք, նուիրում, հաւատք եւ արցախցի հրաշալի երեխաներ, որոնք կ՛իրագործեն այդ ծրագիրը: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ երեխաներու մշակութային կազմաւորման նպաստող այցելութիւններ` համերգներ, թանգարաններ եւ թատրոններ», աւելցուց ան։
Քէշիշեան նաեւ խօսեցաւ Երեւանի մէջ Համազգայինի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն մասին: Ըստ անոր՝ ի տարբերութիւն հայրենի իշխանութիւններուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է Համազգայինի Արցախի կառոյցը Հայաստանի մէջ պահել իբրեւ վտարանդի կառոյց` իր վարչութեամբ ու կազմով:
«Համազգայինի գրասենեակը կը գործադրէ շարք մը ծրագիրներ` հոգեբաններու հետ աշխատանք, ամառնային դպրոց, կերպարուեստ, տիկնիկագործութիւն, Արցախի բարբառը պահպանելուն ուղղուած միջոցառումներ, համալսարան ընդունուիլ փափաքողներուն համար հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ», ըսաւ Քէշիշեան։
Իսկ դուք ինչպէ՞ս կ՛աշխատիք Արցախէն հեռու հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Քէշիշեան ըսաւ. «Ատամները սեղմելով»: