Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի Ողիմպիականի հաւաքականի անդամ, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան դարձաւ Փարիզի 2024ի արծաթէ մետալակիր:
Փարիզի «Պերսի Արենա»ին մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզի մրցումներուն, յենացատկի մետալներու համար մրցեցան մարզիկները. Արթուր Դաւթեան 14.966 կէտեր հաւաքելով՝ արծաթէ մետալ նուաճեց:
Առաջին դիրքը գրաւեց Քարլսոն Եուլօ (Ֆիլիփեան կղզիներ)`15.116 կէտերով շահելով ոսկի մետալ, մինչ Հերի Հեփուըրթ (Բրիտանիա) ձեռք ձգեց 14.949 կէտեր եւ շահեցաւ պրոնզ մետալ:
31 տարեկան Դաւթեան Թոքիոյի Ողիմպիականին շահած էր պրոնզ մետալ, իսկ ներկայիս ան աշխարհի ախոյեան է եւ 2 անգամ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը շահած է: