ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Բոլորս ալ երբեմն կը քննադատենք եւ երբեմն ալ կը քննադատուինք: Կարգ մը քննադատութիւններ շինիչ են, ուրիշներ՝ քանդիչ: Ընդհանրապէս, մարդիկ չեն սիրեր քննադատուիլ, մանաւանդ երբ քննադատութիւնները ոչ միայն անտեղի են, այլ նաեւ անարդար: Քննադատութիւնները աւելի շատ ցաւ կը պատճառեն, երբ անոնք կու գան հարազատներէ, ընտանեկան պարագաներէ եւ բարեկամներէ:
Կան քննադատութիւններ, որոնք արդար եւ տեղին են: Կան նաեւ անտեղի եւ անարդար քննադատութիւններ: Երբ ոեւէ անձ, երեւոյթ մը, կամ կազմակերպութիւն մը կը քննադատենք՝ անհրաժեշտ է տալ հետեւեալ կարեւոր հարցումները.
Առաջին. երբ կը քննադատենք պէտք է հարցնենք, թէ տեղեա՞կ ենք մեր քննադատութեան առարկայ եղող անձին կամ նիւթին բոլոր փուլերէն: Ունի՞նք բոլոր տուեալները, թէ ոչ յենած ենք կէս-կատար տեղեկութիւններու վրայ: Մեր ծանօթութիւնը եւ տեղեկութիւնները առարկայակա՞ն են եւ ճշգրիտ, թէ՝ թէական եւ անստոյգ:
Ասկէ քանի մը տարի առաջ, խումբ մը նորընտիր ծերակուտականներ (senators) իրենց «Հաւատարմութեան Ուխտը» կ՛առնէին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ. յաջորդ օրը ընթերցող մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ կը քննադատէր Հաուայի նահանգի ծերակուտականը, որ ուխտին ընթացքին, փոխանակ իր աջ ձեռքը վերցնելու՝ իր ձախ ձեռքը վերցուցած էր: Քննադատ ընթերցողը կը հարցնէր, թէ արդեօք Ծերակուտական Ինուէ սովորութիւնը չէր գիտեր, թէ այսպիսի պաշտօնական առիթներու միշտ աջ ձեռքը կը վերցուի. պարոն քննադատը չէր գիտեր, թէ պատուարժան Ծերակուտականը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին իր աջ ձեռքը կորսնցուցած էր:
Նախքան որեւէ քննադատութիւն, անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ մեր քննադատած առարկային բոլոր ծալքերէն: Իմաստութիւն պիտի չըլլայ խօսիլ նիւթի մը, կամ անձի մը մասին եւ կարծիք յայտնել ու վճիռ արձակել, երբ մարդոց կը պակսի ամբողջական տեղեկութիւնը խնդրոյ առարկայ անձին կամ նիւթին մասին:
Երկրորդ. երբ կը քննադատենք որեւէ բան պէտք է հարցնենք, թէ արդեօք շահա՞ծ ենք իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու խնդրոյ առարկայ նիւթին մասին: Քննադատը հեղինակաւոր կարծիք ունեցող մը պէտք է ըլլայ այն անձին եւ նիւթին մասին, որուն նկատմամբ կ՛արտայայտուի:
Կայ հին դարերէն մեզի հասած ասացուածք մը, որ մեծ իմաստութիւն կը պարփակէ. «Կօշկակար, կօշիկէդ վեր մի’ ելլեր»: Այս խօսքին ետեւը կեցող պատմութիւնը այն է, որ նշանաւոր արձանագործ մը մեծ մարզիկի մը արձանը կը քանդակէ եւ կը հրաւիրէ իր քաղաքացիները՝ իրենց կարծիքը յայտնելու: Շատերու կարգին, կօշկակար մը իր կարծիքը կը յայտնէ՝ քննադատելով մարզիկին կօշիկը: Արուեստագէտ-արձանագործը քաղաքավարօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Սակայն, կօշկակարը իր դիտողութիւնով չի գոհանար եւ կը շարունակէ իր քննադատութիւնը արձանին այլ մասերուն: Յանկարծ, արձանագործը արդար զայրոյթով մը կը լռեցնէ զինք՝ ըսելով. «Կօշկակար, կօշիկէդ վեր մի’ ելլեր»:
Երբ մարդիկ կը քննադատեն բաներ, որոնց մասին քաջատեղեակ չեն, ցոյց կու տան իրենց տգիտութիւնը եւ ողորմելի վիճակը: Անոնք շատ տարբեր չեն Փարիզի Լուվր թանգարանը այցելող զբօսաշրջիկէն, որ քմծիծաղով եւ դժգոհութեամբ կը գանգատէր՝ ըսելով. «Ի՞նչ հմայք կայ արուեստի այս գործերուն մէջ, որ մարդիկ ժամեր եւ օրեր կ՛անցընեն այդ թանգարանին մէջ»: Թանգարանին վերակացուն, երբ կը լսէ այդ մարդուն գանգատը՝ անոր կ՛ըսէ. «Պարո՛ն, այստեղ մենք չենք դատեր այս գլուխ գործոց արուեստի գործերը. իրականութեան մէջ, անոնք են որ մեզ կը դատեն»: Իմաստութիւն է լուռ մնալը, երբ չենք շահած իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու մեր քննադատած անձին կամ իրին մասին:
Երրորդ. երբ կը քննադատենք պէտք է հարցնենք, թէ մեր «եղբօր աչքին շիւղը տեսած ատեն, արդեօք մեր աչքին գերանը կը տեսնե՞նք»: Փորձութիւնը այն է, որ մարդիկ ուրիշներուն մեղքերը, յանցանքները, զանցառութիւնները, թերութիւնները եւ տկարութիւնները խոշորացոյցով կը դիտեն, իսկ իրենցը՝ մանրադիտակով: Ուրիշներ դատած եւ դատապարտած ատեն կը մոռնան, թէ իրենք ալ մեղաւոր են, իրենք ալ արժանի են դատուելու եւ դատապարտուելու:
Երբ Փարիսեցիներ եւ դպիրներ շնութեան մեղքին մէջ բռնուած կինը Յիսուսին բերին՝ ուզեցին գիտնալ, թէ Յիսուսի դիրքը ի՛նչ պիտի ըլլար այդ կնոջ մեղքին նկատմամբ: Յիսուսի դիրքը այն էր՝ որ այդ կինը ամբաստանող եւ դատապարտող մարդիկ նոյնքան մեղաւոր էին: Այդ պատճառով էր որ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ անմեղ է թող ան առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յովհ. 8.7): Անոնք օրէնքի տառին փարած՝ կ՛ուզէին միայն դատապարտել ուրիշին մեղքը՝ մոռնալով իրենց խոցելի եւ դատապարտելի մեղքերը:
Չորրորդ. երբ կը քննադատենք մենք մեզի կը հարցնե՞նք, թէ ի՛նչ է մեր շարժառիթը: Մեր քննադատութիւնը շինի՞չ է, թէ քանդիչ: Վերջին հաշիւով, ի՞նչ է մեր նպատակը. օգտակա՞ր ըլլալ է քննադատութեան առարկային, թէ վարկաբեկել է զայն: Ամէնուրեք կան բարեացակամ եւ վեհանձն քննադատներ. կան նաեւ անբարեացակամ եւ նենգամիտ քննադատներ: Առաջինները միշտ սատարած են ուրիշներու վերելքին եւ օրհնութեան աղբիւր մը դարձած են իրենց նմաններուն: Իսկ վերջինները՝ միայն նսեմացուցած են ուրիշները եւ վնասակար դեր խաղցած են անոնց կեանքին մէջ: