Հայաստանի կառավարութեան 15 Օգոստոսի նիստի օրակարգին վրայ, ի շարս այլ հարցերու, կար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային ներկայացուցիչ մը նշանակելու հարցը:
Կառավարութեան որոշումի նախագիծին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի հայ-վրացական հատուածի սահմանային ներկայացուցիչների գործունէութեան Լոռի-Տաւուշ եւ Աշոցք-Ամասիա տեղամասերի սահմանային ներկայացուցիչ նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի 1ին սահմանապահ ջոկատի պետին»:
Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ կառավարութեան որոշումի նախագիծը ընդունիլը պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 4 Նոյեմբեր 2021ի N 1797-Ա որոշումով սահմանային ներկայացուցիչ նշանակուած գնդապետ Էդգար Սերգէյի Յունանեան՝ Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերուն մէջ այլ պաշտօնի վրայ աշխատանքի անցնելու հանգամանքով:
«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերում զինծառայողները պարբերաբար փոխատեղութեան կամ ծառայողական անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած տեղափոխւում են ծառայութեան մէկ վայրից միւսը՝ նախագծով առաջարկւում է Կառավարութեան համապատասխան որոշման մէջ չնշել ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերի զինծառայողների տուեալները՝ նշելով միայն սահմանային ներկայացուցչի պաշտօնը: Միաժամանակ, նշուած պաշտօնում նշանակումներ կատարելու դէպքում՝ նշանակուող զինծառայողի ամբողջական տուեալների վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը գրաւոր կը ներկայացուի վրացական կողմին», կ՛ըսուի կառավարութեան հիմնաւորման մէջ: