ՌՈՒՍԻՈՅ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀի հարցերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ, երեսփոխան Քոնսթանթին Զատուլին NEWS.ru-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գուրգէն Արսէնեան ոգիով եւ մտածելակերպով աւելի մօտիկ է Փաշինեանին, քան հեռացող Վաղարշակ Յարութիւնեան:
Ըստ անոր՝ Փաշինեանի խումբին մէջ Յարութիւնեան ներառուած էր բացառապէս Ռուսիոյ բարեկամի համբաւին համար, որպէսզի Մոսկուայի մէջ անոր ներկայութեամբ «քօղարկեն» Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան ընթացքին փոփոխութիւնը:
«Այժմ ես որեւէ պատճառ չեմ տեսներ Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ Փաշինեանի դաշնակից հանդիսացող նոր դեսպանին միջեւ ոեւէ վստահութեան ի յայտ գալուն: Ձեւական քաղաքավարութիւն, ի հարկէ, կը պահպանուի, բայց ոչ աւելին», հաստատեց Զատուլին:
Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, այժմ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած Գուրգէն Արսէնեան խոստացաւ իր նոր պաշտօնին մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերել։
«Գիտակցում եմ, որ քաղաքական զսպուածութեան սկզբունքը սահմանափակում է ներքաղաքական հարցերի վերաբերեալ կարծիք յայտնելու, հրապարակային քննարկումներում հանդէս գալու դիւանագէտի հնարաւորութիւնները», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արսէնեան:
Ան տեղեկացուց, որ կը դադրեցնէ իր հիմնած «Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութեան» (ՄԱԿ) նախագահի լիազօրութիւնները եւ կուսակցութեան անդամութիւնը:
Արսէնեան Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ նախագահին` 14 Օգոստոսի հրամանագիրով՝ հրաժարելով պատգամաւորական իր աթոռէն։
Հայաստան-Ռուսիա լարուած յարաբերութիւններու այս փուլին,նախքան իր՝ պաշտօնապէս դեսպան նշանակուիլը ան ըսաւ, թէ յոյս ունի մեղմելու սուր կէտերը եւ փոխելու երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու հրամանաշարը (ալկորիթմը-algorithm):
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, թէ նորանշանակ դեսպանը նախապէս դիւանագիտական ոլորտին մէջ չէ գործած. ան Փաշինեանի խումբին հետ պատգամաւոր դարձաւ 44օրեայ պատերազմէն ետք` 2021ին: Նախքան այդ, ան խորհրդարանին մէջ էր Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցանկով: Արսէնեան պատգամաւոր եղած է նաեւ 2000ականներուն, իսկ 90ականներուն` Հանրապետական կուսակցութեան անդամ: 2002ին հիմնադրած է իր՝ «Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութիւն»ը:
Արսէնեան գործարար է. ըստ «Հետք»ի, մինչեւ նախորդ տարի, ան Ռուսիոյ մէջ գործարարութիւն ունէր: 2023ի յայտարարագիրով, ան բաժնեմասեր ունի 8 ընկերութիւններու մէջ, իսկ անոր որդին ընկերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու ու Չեխիոյ մէջ: