Նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ոչ ոք պէտք է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը եւ գերիներու ազատ արձակումը խոչընդոտէ:
« Զեկուցում ստացայ Տոհայի մէջ բանակցող խումբէս եւ անկէ խնդրեցի վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար բացերու կամրջումի համապարփակ առաջարկ ներկայացնել», ըսաւ Պայտըն:
Պայտըն յայտնեց, որ զրուցած է Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանիի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ` «աչքէ անցընելու համար այն մեծ յառաջընթացը, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին Տոհայի մէջ արձանագրուեցաւ»:
Պայտըն ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը պիտի ուղարկէ Իսրայէլ ` «Իսրայէլի ապահովութեան հաստատ աջակցութիւնս հաստատելու, եւ համաձայնութեան գոյացման մեր աշխուժ ջանքերը շարունակելու համար»:
«Պայտընի` Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման մօտալուտութեան մասին խօսքը ցնորք է: Բռնագրաւումը կը շարունակէ որեւէ գործարքի կնքման բոլոր ջանքերը խոչընդոտել: Համաձայնութեան կամ իսկական բանակցութիւններու առջեւ չենք գտնուիր, այլ ամերիկեան թելադրանքներու պարտադրման», յայտնեց «Համաս»ի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զուհրի:
«Համաս»էն ղեկավար աղբիւր մը ամերիկացի, եգիպտացի եւ քաթարցի միջնորդներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անոր ստիպելու, որ գործադրէ այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` շեշտելով. «Որեւէ համաձայնութիւն պէտք է երաշխաւորէ մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումի դադրեցումը եւ Կազայէն (իսրայէլեան բանակի) հեռացումը, եւ նաեւ պէտք է ներառէ շտապ օժանդակութեան ապահովումը եւ գերիներու փոխանակման իսկական գործարքի գոյացումը»:
«Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները ընդհանուր առմամբ աւարտած են: Ապահովական կառոյցները քաղաքական ղեկավարութեան յայտնեցին, որ ժամանակն է գերիներու գործարքը կնքելու», ըստ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ յայտնեցին իսրայէլեան ապահովական պաշտօնատարներ:
Նոյն պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կողմերուն միջեւ կան խոր տարակարծութիւններ, մասնաւորաբար Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման շուրջ:
Մինչ այդ, ամերիկեան American Airlines օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ որոշած է ջնջել մինչեւ Ապրիլ 2025 ծրագրուած դէպի Իսրայէլ իր բոլոր թռիչքները: