Հաթայի Մուսա լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Հաթայի երկրաշարժէն վնաս կրած էր, նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով՝ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնի նախօրեակին՝ Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Սահակ Բ. պատրիարքին ձեռամբ վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։Արարողութեան մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, լուսարարապետ Տրդատ Ա. քհնյ. Ուզունեան, Հաթայի հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան, Ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Պարնապաս հիմնարկի նախագահ Փաթրիք արք. Սուխտէօ եւ ուխտաւորներ:


Եկեղեցւոյ զանգակին զուարթ ղօղանջով սկսաւ նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը: Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք, Սահակ պատրիարքը Սրբալոյս միւռոնով օծեց աւագ խորանը եւ տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Յովակիմ սրբազանը օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներուն ձօնուած քովնտի սեղանները եւ մկրտութեան աւազանը, ապա պատրիարքին գլխաւորութեամբ թափորը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Յովակիմ սրբազանը տեղւոյն հրշէջ գունդին յատուկ ինքնաշարժին վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը, եւ Ս. Միւռոնով օծեց գմբէթին եւ զանգակատան խաչերը:
Օծման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախատօնակը։
Արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Սահակ պատրիարքը, որ անդրադարձաւ 6 Փետրուարի Հաթայի երկրաշարժին, որ ցաւ պատճառեց բոլորին: Կեանքեր եւ շէնքեր տարաւ: Սակայն երկրաշարժէն տուժողներուն օգնութեան ձեռք երկարեցաւ ամէն կողմէ:
