«Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին միացաւ «Քլինթըն» հիմնարկի փոխնախագահ, հանրային առողջութեան մասնագէտ Չելսի Քլինթըն, որ նշանաւոր է մարդոց կեանքը բարելաւելու իր ջանքերով, ինչ որ կ՛ոգեշնչէ ապագայ առաջնորդները ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը նպաստէ կարեւոր հարցերու, որոնց կարգին՝ առողջապահական հաւասարութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման եւ գործնական քայլերու ձեռնարկման։
«Ուրախ ենք ողջունելու Չելսի Քլինթընը «Օրորա» համայնքին մէջ: Նկատի ունենալով ընկերային փոփոխութիւններու նուիրուած անոր երկարամեայ ջանքերը՝ ան կատարելապէս կը համալրէ Ընտրող յանձնաժողովը, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ մեր միացեալ աշխատանքին՝ լոյս սփռելու մարդասէր գործիչներու վրայ, որոնք իրենց սեփական կեանքը կը վտանգեն՝ օգնելու դժուար իրավիճակի մէջ գտնուողները», յայտնեց «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ եւ Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի համաղեկավար Լորտ Արա Տարզի՝ աւելցնելով. «Չելսին իրեն հետ կը բերէ թարմութիւն եւ մեծ փորձառութիւն, որոնք, անկասկած, պիտի հարստացնեն մեր քննարկումները եւ պիտի ապահովեն տեսակէտներու լայն շրջանակ մը ընտրական գործընթացին մէջ»։
Չելսի Քլինթըն նաեւ կը դասախօսէ «Քոլոմպիա» համալսարանի «Մէյլմըն» հանրային առողջութեան դպրոցին մէջ: Ան հեղինակ է քանի մը գիրքերու, որոնց մէջ առաւելագոյն չափով տարածուած է «She Persisted» շարքը:
«Մենք բոլորս մեր դերը ունինք համաշխարհային մեծագոյն մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ», ըսաւ Չելսի Քլինթըն՝ աւելցնելով. «Ինծի համար պատիւ է միանալ 2024ի «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին եւ շարունակել մեր համագործակցութիւնը «Քլինթըն» համաշխարհային նախաձեռնութեան (CGI) միջոցով՝ աջակցելու մարդասիրութեան ոլորտի առաջնորդներու, որոնք մեծապէս կը փոխեն աշխարհը»: