ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ, Նոյեմբեր 19ին, բացումը կատարուեցաւ «111 ակնթարթ Շուշի բերդաքաղաքի կեանքից» խորագիրով ցուցահանդէսին:
«Շուշի» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած է շուրջ 120 լուսանկար:
«Հայոց միակ կենդանի մնացած բերդաքաղաքն օգնութեան կարիք ունի: Դա համայն հայութեան խնդիրն է: Լաւ կը լինի, եթէ բոլորս մտածենք նրա մասին», յայտարարեց հիմնադրամի հիմնադիր-կառավարիչ Բակուր Կարապետեան: Ան նշեց, որ Շուշին նկարագրող լուսանկարներու մէկ մասը արդէն ցուցադրուած է Մոսկուայի մէջ եւ հնարաւորութեան պարագային, մտադրութիւն կայ զանոնք ցուցադրել նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Բ. Կարապետեանի խօսքով, «Շուշի» հիմնադրամը կը հաւաքէ հին լուսանկարներ, որոնք կրնան ըլլալ նաեւ Սփիւռքի համայնքներու, Հայաստանի մարզերու, Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներու, Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններու լուսանկարներ: Հիմնադրամը արդէն հաւաքած է մօտ 7 հազար լուսանկար, որոնցմէ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած էին եւ առաջին անգամ կը ցուցադրուէին մօտ 30ը: Բ. Կարապետեանի խօսքով, կը նախատեսուի Շուշիի մէջ ունենալ ազգային լուսանկարչութեան պատկերասրահ. «Ցանկանում ենք ազատագրուած Շուշիում ստեղծել այս պատկերասրահը, սա նաեւ կը գրաւի զբօսաշրջիկներին, այն կը նպաստի Արցախում զբօսաշրջութեան զարգացմանը», աւելցուց ան:
Հիմնադրամը նաեւ կը նախատեսէ հրապարակել Արցախի գոյամարտի վերաբերեալ մատենաշար: Ան իր գործունէութիւնը սկսած է Շուշիի մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութենէն եւ չափագրած է մօտ 220 շինութիւն եւ 500է աւելի յուշարձան:
Հիմնադրամը յառաջիկային պիտի ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ հին լուսանկարներու ցուցահանդէս. «Մտադիր ենք դրանք ներկայացնել ոչ միայն հայութեանը, այլ նաեւ աշխարհին, ցոյց տանք, որ Արեւմտեան Հայաստանը հայերի Հայրենիքն է: 300 լուսանկարներում ներկայացուած են հայկական մշակութային արժէքները, բնակավայրերը», աւելցուց Բ. Կարապետեան: