«Մենք խիստ զարմանքով եւ դժգոհութեամբ հետեւեցանք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւններուն, որոնց ընդմէջէն ան պնդեց, թէ շարժումը ետդարձ կը կատարէ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն։ Պայտընի եւ Պլինքընի յայտարարութիւնները ապակողմնորոշող պնդումներ են եւ յարձակումի դադրեցման նախանձախնդիր շարժումին իսկական կեցուածքը չեն արտացոլեր», յայտարարեց պաղեստինեան «Համաս» շարժումը՝ աւելցնելով, որ այսպիսի յայտարարութիւններ «սիոնական ծայրայեղական կառավարութեան անզէն քաղաքայիններու դէմ, ցեղասպանութեան եւ մեր ժողովուրդի տեղահանման նպատակով յաւելեալ ոճիրներ գործելու կանաչ լոյս են: Այն, ինչը վերջերս շարժումին ներկայացուեցաւ յեղաշրջում է կողմերուն Յուլիսին համաձայնածին եւ ենթակայութիւն է (Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին) Նեթանիահուի ահաբեկչական նոր պայմաններուն եւ Կազայի նկատմամբ անոր ոճրային ծրագիրներուն: Ընդունած էինք Պայտընի առաջարկը, սակայն ամերիկեան վարչակազմը ձախողեցաւ զայն համոզիչ դարձնել Նեթանիահունին»:
Պլինքըն Իսրայէլի մէջ յայտնած էր, որ Նեթանիահու հաւանութիւն տուած է (Միացեալ Նահանգներու) նոր առաջարկներուն, եւ իրենք կ՛ակնկալեն, որ «Համաս»ը նոյնը պիտի ընէ:
Ան աւելցուց, որ Կազայի մէջ զինադադարի մասին համաձայնագիրի նախագիծը՝ իբրեւ վերջնական նպատակ կը ներառէ զինուորական գործողութիւններու փուլային դադրեցում եւ ամբողջական զինադադար:
«Նախնական զինադադարը պիտի տեւէ վեց ամիս. անիկա կը նախատեսէ գերիներու ազատ արձակումը եւ գերիներու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու սկիզբ՝ մնայուն զինադադարի պայմաններու շուրջ», ըսաւ Պլինքըն: