Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսի երեկոյեան, Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն դարձած ներկայի փոխնախագահ Քամալա Հերիս պաշտօնապէս ընդունեց իրեն առաջադրուած թեկնածութիւնը։
Իր ելոյթին ընթացքին, ան հակիրճ կերպով ներկայացուց իր կենսագրականը եւ ամփոփ գիծերով՝ իր ծրագիրները, նոյն ատեն քննադատելով Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի բազմաթիւ ոտնձգութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Քամալա Հերիս Միացեալ Նահանգներու առաջին կին փոխնախագան էր։ Ան այսպէսով դարձաւ առաջին սեւամորթ եւ առաջին հնդիկ-ամերիկացի կինը, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր կուսակցութեան մը կողմէ նախագահի պաշտօնին թեկնածու կը դառնայ։ Ան ներգաղթողներու առաջին սերունդի զաւակ է։
Մէկ օր առաջ, Հերիսի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած էին 4566 պատուիրակներ։ Քուէարկութեան ընթացքին, Հերիս կը գտնուէր Ուիսքանսընի մէջ, ուր իր փոխնախագահի թեկնածու Թիմ Ուոլզի հետ նախընտրական հանրահաւաք մը կը կատարէր։ Հերիս այնտեղէն տեսակապով միացաւ համագումարին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակներուն՝ զինք առաջադրելնուն համար։
Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, շարք մը այլոց կողքին, Հերիսին իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին, նախկին նախագահ Պարաք Օպամա եւ նախկին առաջին տիկին Միշէլ Օպամա։
Նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Օպամայի նախագահութեան ընթզցքին կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը նոյնպէս ելոյթ ունեցաւ համագումարին ընթացքին եւ թուարկեց նախագահութեան ընթացքին իր ձեռքբերումները եւ գովեց Հերիսը՝ նշելով, որ իր ասպարէզի լաւագոյն որոշումը եղած է ընտրել Հերիսը իբրեւ փոխնախագահ։
Նշենք, որ Հերիս-Թրամփ բանավէճը տեղի պիտի ունենայ 10 Սեպտեմբերին, իսկ նախագահական ընտրութիւնները՝ 5 Նոյեմբերին։