Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 19էն 20 Սեպտեմբերին պիտի կազմակերպէ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Քոնկրեսի շէնքին մէջ։
Accountability 2024 խորագրուած հաւաքը նաեւ պիտի քննէ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու միջոցները։
Հաւաքը պիտի սկսի 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, նշելու համար անցեալ տարի տեղի ունեցած Արցախի դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կարելիութիւններ ունին Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելու, պահանջելով արցախահայերուն ապահով վերադարձը, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ամրագրուած որոշումով մը, միջազգային հսկողութեան տակ։
Հաւաքին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, շեշտելով Պաքուի դէմ անմիջական պատժամիջոցներ որդեգրելու, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն օժանդակութիւն տրամադրելու եւ անոնց ապահով վերադարձը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։
Հաւաքէն անմիջապէս առաջ, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները նշեալները ջատագովելու նպատակով, քոնկրեսականներու հետ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան։
Հաւաքին զուգահեռ, տեղի պիտի ունենայ նաեւ ատրպէյճանական բռնարարքները վաւերագրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։