Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան ընդունեց «Էֆ.Պի.Այ.»ի Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ նորանշանակ իրաւական կցորդ Ալեքսանտր Վ. Թայկայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Սարգսեան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին։
Անդրադառնալով իրաւապահ համակարգին մէջ «Էֆ.Պի.Այ.»ի փորձառութեան արդիականութեան` Սարգսեան մատնանշեց կառոյցին հետ Քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան ամէնօրեայ աշխատանքները, որոնց կարգին գործնական-հետախուզական միջոցառումները եւ միացեալ վերապատրաստումները:
Քրէական ոստիկանութեան վերաիմաստաւորման ծիրին մէջ, Սարգսեան անդրադարձաւ ներքին գործոց նախարարութեան կրթական համալիրին մէջ ընթացող ապագայ քրէական ոստիկաններու վերապատրաստութիւններուն:
Այդ գործընթացին մէջ Սարգսեան կարեւոր նկատեց գետնի վրայ տուեալներու մշակման եւ վերլուծութեան ուղղութեամբ «Էֆ.Պի.Այ.»ի գործընկերներուն հետ փորձառութեան փոխանակման եւ վերապատրաստութիւններու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ շարունակել ամրապնդելու եւ կայունացնելու ապագայ քրէական ոստիկաններու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացումը:
Թայկայ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ բարձր գնահատեց ներքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ գործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց փորձառութեան փոխանակման ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան կրթահամալիրին հետ համագործակցութիւն ձեւաւորել:
Քննարկուեցան ծառայողներու ուսումնառութեան, կրթական հնարաւոր ուղղութիւններու աշխուժացման եւ այլ հարցեր:
Շեշտուեցաւ նաեւ հետախուզուողներու յայտնաբերման ուղղութեամբ աշխատանքներու կարեւորութիւնը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ընդլայնելու համագործակցութեան օրակարգը:
Պատուիրակութեան անդամները կրթական համալիրի պետ Մանուկ Մուրադեանի ընկերակցութեամբ հետեւեցան ապագայ քրէական ոստիկաններու եւ պարեկներու վերապատրաստութեան դասընթացքներիուն, ծանօթացան կրթական չափորոշիչներուն եւ առանձնայատկութիւններուն: