
Կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տղամարդոց համախմբումին, Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Քեն Խաչիկեանի Behind Closed Doors: In the Room with Reagan & Nixon հատորին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։ Հատորին ներկայացումէն ետք տեղի ունենալիք քննարկումը պիտի համակարգէ յայտնի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան։
Քեն Խաչիկեան, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական եւ ճառեր գրողը նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին, որ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Ան նաեւ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը եղած է, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ խորհրդականը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին։ Խաչիկեան բացի Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակն ըլլալէ, նաեւ անոր յատուկ խորհրդականն էր:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd. Pasadena, CA 91107։
Մասնակցութեան սակը 35 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (626) 449-1523 թիւին կամ office@stgpas.com եւ gourdikian@aol.com հասցէներուն։