29 Օգոստոսին, Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Անհետ կորսուածներու միջազգային օրուան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման ընթացքին, Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ)պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ըստ կոմիտէին համապատասխան ընտանիքներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկատուութեան՝ Արցախի հակամարտութեան մեկնարկէն ցայսօր հայկական կողմէ անհետ կորսուած կը նկատուին շուրջ 1000 անձեր, որոնցմէ շուրջ 700ը՝ 90ականներէն, իսկ մօտաւորապէս 300ը՝ 2020ի եւ 2023ի ռազմական գործողութիւններէն ետք։
Ան վերահաստատեց, որ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կ՛այցելեն բոլոր այն անձերուն, որոնց գերի պահուած ըլլալը հաստատած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։
«Ընտանիքներն առաջինն են իմանում այցելութիւնների մասին։ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչներն այցելում են գերիներին՝ անկախ կարգավիճակից։ Այցելում ենք բոլոր անձանց, որոնց գերութեան մէջ գտնուելը հաստատել են իշխանութիւնները։ Սակայն մեր կազմակերպութիւնը չի տեղեկացնում այցելուող անձանց թուի մասին», յայտնեց Ամատունի։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որոնողական աշխատանքներուն գծով ԿԽՄԿը արդեօք կը բանակցի՞ ատրպէյճանական կողմին հետ՝ Ամատունի ըսաւ, որ կազմակերպութիւնը` իբրեւ մարդասիրական եւ չէզոք միջնորդ, այդ բանակցութիւններուն մէջ դերակատարութիւն չունի, սակայն երկխօսութեան միջոցով մնայուն կերպով կը փորձէ հարցը պահել իշխանութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն ուշադրութեան կեդրոնին:
«Որոնողական կամ նոյնականացման աշխատանքների մասին, որոնք կարող են որոշակի դէպքերում պատասխաններ տալ որոշակի թուով ընտանիքիների, այս պահին մենք չենք կարող խօսել, սակայն մենք պատրաստակամ ենք դրանց աջակցել», շեշտեց Ամատունի՝ աւելցնելով, որ որոշակի յառաջընթաց արձանագրելու համար կարեւոր է այդ հարցին մէջ կողմերուն քաղաքական կամքը։
Մինչեւ հիմա Ատրպէյճան պաշտօնապէս հաստատած է 23 հայերու գերի պահուած ըլլալու փաստը. անոնցմէ 17ը գերի ինկած են 2023ին, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի շղթայազերծած սեպտեմբերեան յարձակումէն ետք։ Անոնց կարգին են նաեւ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներ։
Նոյն ցուցահանդէսի բացման ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մարդասիրական հարցերու վարչութեան պետ Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ փաստագրուած եւ տեսագրուած ապացոյցներու պարագային իսկ հայ զինուորներու ճակատագիրը պարզելու առումով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչինչ կը կատարեն։
Դիտել տալով, որ բռնի անհետացածներու պարագան, իրաւամբ, ամէնէն ծանր եւ երկարատեւ հարցերէն մէկն է՝ հակամարտութիւններու ընթացքին կամ անկէ դուրս, Սարգսեան յայտնեց, որ անոնցմէ զերծ չմնաց նաեւ հայութիւնը, որովհետեւ 2020ին եւ 2023ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տակաւին նախորդ դարու 90ականներէն հարիւրաւոր անհետ կորսուածներուն եւ բռնի անհետացման դէպքերուն վրայ աւելցան նորերը:
«Ընդ որում` անգամ փաստագրուած ու տեսագրուած ապացոյցների պարագայում հայ զինծառայողների ճակատագիրը պարզելու հարցում Ադրբեջանի իշխանութիւններն անգործութիւն են ցուցաբերում», յայտարարեց Սարգսեան` շեշտելով, որ Հայաստան կը ձեռնարկէ կարելի բոլոր քայլերուն՝ խնդիրը միջազգային կառոյցներու եւ դատական ատեաններու մէջ ներկայացնելու համար։
Ըստ անոր` կարեւոր նկատելով բռնի անհետացման դէմ պայքարը, որուն մէջ՝ այսպիսի յանցագործութիւններու կանխարգիլումը` Հայաստանը ստորագրած եւ վաւերացուցած է «Հարկադիր անհետացման ենթարկուած բոլոր անձանց պաշտպանութեան համար» միջազգային բանաձեւը։
«Միեւնոյն ժամանակ ուզում եմ յատուկ նշել, որ մենք չենք կարող միայն յիշել եւ սգալ: Մենք պարտաւոր ենք լինել այն ձայնը, որ պահանջում է պատասխանատուութիւն, պահանջում է ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: Մեր միջազգային գործընկերների հետ համագործակցելով՝ շարունակելու ենք քայլեր ձեռնարկել անհետ կորածների ճակատագիրը բացայայտելու ուղղութեամբ», ըսաւ Սարգսեան` յատուկ կերպով ընդգծելով, որ հայկական կողմը երբեք չի քաղաքականացներ մարդասիրական հարցերու շուրջ համագործակցութիւնը, մնայուն կերպով բաց է աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ`կարեւոր նկատելով այդպիսի համագործակցութիւն մը`իբրեւ վստահութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան հասնելու միջոց:
«Աշխատանքը չի աւարտուի, քանի դեռ չի պարզուել ամենավերջին անհետ կորածի ճակատագիրը, քանի դեռ վերջին ընտանիքը չի ստացել իրեն յուզող ամենակարեւոր հարցի պատասխանը», վստահեցուց Սարգսեան: